Թրքական 6 ամսագիր անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան թեմային աղբիւրը 6 ամսագիր առանձնացուցած է, որոնք ներկայացուցած են Հայկական հարցը:

Ինչպէս աւելի առաջ տեղեկացուցած էինք, թրքական #թարիհ (#tarih), «Էւրենսել Քիւլթիւր» (Evrensel Kֆltֆr) ամսագիրներուն մէջ Մեծ եղեռնը ոչ միայն կը ներկայացուէր իբրեւ ցեղասպանութիւն, այլ թրքական պետութեան
ժխտողականութիւնը քննադատող անդրադարձներ կային:

Հայկական հարցին իրենց էջերուն վրայ տեղ  յատկացուցած են նաեւ «Հասարակութիւն եւ գիտութիւն» (Toplum ve Bilim), «Պիրիքիմ» (Birikim), «Մէսելէ» (Mesele), «Աթլաս» (Atlas) ամսագիրները:

«Հասարակութիւն եւ գիտութիւն» (Toplum ve Bilim) ամսագիրը ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հետ կապուած յատուկ համար  լոյս ընծայած է: Համարի գլխաւոր յօդուածը վերնագրուած է` «1915-2015. ցեղասպանութիւն/առերեսում/պատասխանատուութիւն»: Յատուկ անդրադարձ  կը կատարուի նաեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքով որբացած երեխաներուն, այլ թեմաներու:

«Պիրիքիմ» (Birikim) ամսագիրը Հայոց ցեղասպանութեան թեմային զգալի տեղ  յատկացուցած է` թեման ներկայացնելով նաեւ ամսագիրի շապիկին: Ահմէթ Ինսէլի հեղինակած յօդուածը վերնագրուած է «Քաղաքակրթուելու համար անհրաժեշտ է առերեսուիլ ցեղասպանութեան հետ»:

«Մեսէլէ» (Mesele) ամսագիրի էջերուն վրայ տեղ  գտած է «Ակօսի» գլխաւոր խմբագիր էդվարդ Տանձիկեանի` «Ժխտողականութեան արդէն պէտք է վերջ տալ» եւ Տողան Չեթինքայայի «Ցեղասպանութեան հասարակական բնոյթը» յօդուածները:

«Աթլաս»-ը (Atlas) յօդուածով  անդրադարձած է հայկական թեմային: «Թուրքիոյ հայերը» յօդուածին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Ցեղասպանութեան հարցին:

Նշենք, որ միեւնոյն ժամանակ  շարք մը ազգայնական կողմնորոշում ունեցող թրքական աղբիւրներ կը շարունակեն Ցեղասպանութիւնը ժխտող անդրադարձներ հրապարակել:

Scroll Up