WBA-ի Վարկածով Աշխարհի Ախոյեան Սիւզի Կենտիկեան Իր Յաղթանակը Նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

WBA-ի վարկածով թեթեւ քաշային անուանակարգի մէջ աշխարհի ախոյեան Սիւզի Կենտիկեան ճափոնի Նաոքօ Ֆուձիոկին դէմ մենամարտին պաշտպանած է իր տիտղոսը: Այս մասին կը տեղեկացնէ tert.am-ը:

Բոլոր շրջաններու աւարտէն ետք մրցավարները յաղթանակը միաձայն տուած են «Մարդասպան թագուհիին»  (97:93, 97:94, 96:94): Գերմանիոյ դրօշի ներքոյ հանդէս եկող մեր հայրենակցուհին ունեցաւ իր 34-րդ յաղթանակը:

39-ամեայ Ֆուձիոկին անցեալին չէր պարտուած եւ WBA-ի վարկածով գերթեթեւ քաշային կարգի մէջ աշխարհի ախոյեան էր: Կենտիկեանի հետ մրցելու համար ան աւելի ծանր քաշային կարգ տեղափոխուած էր, ուստի իր ախոյեանական տիտղոսը ճափոնուհին չկորսնցուց:

Աւելցնենք, որ իր յաղթանակը Սիւզի Կենտիկեան նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Scroll Up