Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմային Վերաբերեալ Ուղեցոյցներ` Ուսուցիչներու Եւ Լրագրողներու Համար
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, գիրք նուիրելու օրուան խորհուրդը օգտագործելով, Փետրուար 19-ին լրագրողներու եւ ուսուցիչներու դատին ներկայացուցած է անոնց համար նախատեսուած ձեռնարկները:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը, Հայոց ցեղասպանութեան թեման դասաւանդելու եւ լուսաբանելու նախընտրելի ուղիներ նախանշող ուղեցոյցները լոյս տեսած են ՀՀ նախագահի գործընկեր կազմակերպութեան` Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած դրամաշնորհային մրցոյթի ծիրէն ներս` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի եւ «Փրոսփեկտուս» տարածաշրջանային եւ քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոն» ՀԿ ջանքերով: Մինչ ձեռնարկներու լոյս ընծայումը թանգարան-հիմնարկին մէջ կայացած են դասընթացներ լրագրողներու եւ ուսուցիչներու համար:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանի խօսքով` ուսուցիչներն ու լրագրողները հասարակութեան երկու ազդեցիկ խումբերն են, որոնք կը ձեւաւորեն արժեհամակարգ, սերունդներուն գաղափարներ, տեսլականներ կը փոխանցեն: Հետեւաբար, անոնց համար նախատեսուած ձեռնարկները կը նպաստեն Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի ճիշդ ներկայացման մէկ կողմէն` կրտսեր սերունդին, միւս կողմէն` արդէն հասուն քաղաքացիներու:
Սուրէն Մանուկեան նշած է այն առանցքային կէտերը, որոնք պէտք է շեշտադրել Հայոց ցեղասպանութեան թեման ներկայացնելուն: «Ես կարծում եմ, որ հարկի եւ անհարկի պէտք չէ օգտագործել «Ցեղասպանութիւն» բառը: Այն դարձել է հասարակ տերմին, որով բացատրում են մի որեւէ մեծ յանցագործութիւն: Սրանից պէտք է խուսափել, քանի որ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած ամենամեծ ոճիրն է, որն ունի իրաւաբանական գնահատական ու սահմանում»:
Բացի այդ` Սուրէն Մանուկեան խորհուրդ տուած է, որ լրատուամիջոցները չսահմանափակուին միայն 1.5 միլիոն զոհերու մատնանշմամբ, այլեւ ներկայացնեն անհատներու պատմութիւններ: «Մենք պէտք է հասկանանք, որ 1.5 միլիոնից ամէն մէկը ունեցել է մէկ մարդկային ճակատագիր ու պատմութիւն: Երբ մենք ներկայացնում ենք նիւթը մէկ մարդու պատմութեամբ, դա աւելի ազդեցիկ է:
Վերջապէս, որոշ կարծարատիպեր կան, որ պէտք է վերանան մեզանից: Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք չէ ընդունել միայն որպէս մեծ ողբերգութիւն, առաջին հերթին` այն յանցագործութիւն է, որն իր իրաւական հետեւանքները պէտք է ունենայ: Բացի այդ` այն նաեւ մեծ ժողովրդի հերոսութիւն է, հերոսական վերապրում է, ես միայն նկատի չունեմ ինքնապաշտպանական մարտերը, որոնք ինքնին հերոսութիւն են, այլ նաեւ մէկ հասարակ հայ կնոջ, հասարակ հայ որբուկի վերապրումը, որը, ամէն ինչ կորցնելով, յետոյ վերապրել ու ստեղծել է նոր ընտանիք ու ազգի սկիզբ տուել: Սրանք պատմութիւններ են, որ մեզ պէտք է ոգեւորեն»,-շեշտած է Սուրէն Մանուկեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ գիրքերը ելեկտրոնային տարբերակով առկայ են նաեւ թանգարան-հիմնարկի կայքին վրայ, ու ցանկացողները կրնան ներբեռնել:
Դրամաշնորհային ծրագիրի համակարգող Գայեանէ Մանուկեան շնորհակալութիւն յայտնած է թանգարան-հիմնարկին թէ′ նշեալ ձեռնարկներուն, թէ′ որեւէ ծրագիրի իրագործման ուղղութեամբ աջակցութեան համար:Ան կարեւոր համարած է իրենց գործակցութիւնը հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք սահմանամերձ շրջաններու դպրոցականներուն հետ կ’աշխատին` լրացնելով այն բացը, որ երբեմն կ’առաջանայ պատմութեան ուսուցիչներու պակասի արդիւնքով:
«Ինչպէս դասաւանդել Հայոց ցեղասպանութեան թեման» եւ «Ինչպէս լուսաբանել Հայոց ցեղասպանութեան թեման» ձեռնարկներուն մէջ առկայ են ցեղասպանութեան վերաբերեալ պայմանադրութիւններ, տարբեր փաստաթուղթեր, մասնագէտներու դասախօսութիւնները: