Կայացաւ Գրիգոր Ջանշեանի` Աւելի Քան Մէկ Դար Անց Վերահրատարակուած «Եղբայրական Օգնութիւն Հայերին» Ժողովածուի Շնորհանդէսը

Նոյեմբեր 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կայացաւ Գրիգոր Ջանշեանի` աւելի քան մէկ դար անց վերահրատարակուած «Եղբայրական օգնութիւն հայերին» ժողովածուի շնորհանդէսը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց Գրիգոր Ջանշեանի` ժամանակին Ռուսաստանի լայն հասարակութեան եւ կառավարական շրջաններուն Հայաստանի մէջ այդ օրերուն 1894-1896թթ. կատարուող իրադարձութիւններու մասին ճշմարտութիւնը ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ գիտնական այրերու գրիչով հայ ժողովուրդի անցած դարաւոր ուղին լուսաբանելու, հայ ժողովուրդի ստեղծած մշակութային անկրկնելի արժէքները վեր հանելու եւ հայորդիներու կողմէ համաշխարհային քաղաքակրթութեան մատուցած

ծառայութիւնները ներկայացնելու ջանքերը:

«Եղբայրական օգնութիւն հայերին» ժողովածուն առաջին անգամ լոյս տեսած է 1898-ին Մոսկուայի մէջ, որ ժամանակակիցները բնութագրած են որպէս «Գիրք-Աիմֆոնիա», «Գիրք-Հանրագիտարան», «Մատեան արեան եւ արցունքի»: Գիրքի ստեղծման բուն շարժառիթը 19-րդ դարավերջին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու զանգուածային կոտորածներն էին, որոնց հետեւանքով հազարաւոր հայ երեխաներ, կանայք եւ ծերեր ոչնչացուած էին, իսկ փրկուածներն ալ յայտնուած էին սովի եւ մահուան ճիրաններուն մէջ:

«Ջանշեանն այս ժողովածուով ռուս հասարակութեանը ոչ միայն ներկայացրել է հայերի հետ տարուող դաժան քաղաքականութեան ողջ ճշմարտութիւնը, այլեւ գրքի վաճառքից ստացուած ողջ հասոյթը` 60.000 ռուբլի` Թուրքիայում Ռուսաստանի դեսպանատան միջոցով տրամադրել է Կ. Պոլսի հայոց պատրիարք Մաղաքիա Օրմանեանին` որբանոցներ բացելու համար, որի արդիւնքում բացուել է 12 որբանոց, եւ Ջանշեանին տուել են «Որբերի հայր» պատուատիտղոսը», – ընդգծեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

«Շնորհակալ ենք պարոն Ալպերթ Իսոյեանին եւ Արամ Կարապետեանին, ովքեր, մաքրելով դարերի կարծրացած փոշին, կարողացան յաւուր պատշաճի ուսումնասիրել եւ 115-ամեայ դադարից յետոյ վերահրատարակել մեծ հայի այս աշխատութիւնը», – իր խօսքը եզրափակեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:

«Հայագիտակ» հրատարակչութեան հիմնադիր տնօրէն Ալպերթ Իսոյեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ Գրիգոր Ջանշեանի գիրքի լուսապատճէնման տարբերակով ճշգրիտ վերականգնելու եւ երկրորդ անգամ վերահրատարակուելու պատմութիւնը:

«Գրիգոր Ջանշեան» հեղինակին, մարդուն, գործիչին եւ անոր «Եղբայրական օգնութիւն հայերին» աշխատութեան մասին ելոյթով հանդէս եկաւ գիրքի նախաբանի հեղինակը, Կրթութեան պետական տեսչութեան պետ Արամ Կարապետեան` նշելով, որ Ջանշեանի նիւթը կ’ուղեկցուի հայու եւ հայկականի մասին բծախնդրօրէն ընտրած պատկերներով եւ լուսանկարներով, որոնք կը վերաբերին Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստաններուն, հայկական գաղթավայրերուն: Ժողովածուին մեծ շուք կը հաղորդէ նաեւ այն հանգամանքը, որ անոր ստեղծման մասնակցած են ժամանակի մեծահամբաւ հայ նկարիչներ. Յովհաննէս Այվազովսկին գիրքին մէջ զետեղելու համար Նիցցայէն հրատարակիչին ուղարկած է չորս բնագիր նկար:

Ժողովածուի մասին կարծիք յայտնեցին Ա.Գէորգեան, Ա.Պլեյեան, Ա.Յակոբեան եւ այլք, որոնք բոլորն ալ շատ բարձր գնահատեցին այն:

Scroll Up