100 Ծառ` 100-րդ Տարելիցին Իրանի Մէջ

Ծառատունկի խորհուրդը նոյն ինքն կեանքն է. կեանքի շարունակականութիւնը եւ միասնութիւնը: Ծառատունկի պահն իսկ միասնութիւն կը խորհրդանշէ եւ Թ. Հ. Թ. 100-ամեակի յանձնախումբի կողմէն յայտարարուած համահամայնքային  ծառատունկը, երէկ «Սոհանաք» այգիի մէջ մէկ անգամ եւս համախմբեց մեզ: Մեզմէ իւրաքանչիւրին այստեղ բերած էր խորհուրդ մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան խորհուրդը: Եւ յետայսու այդ այգիի գողտրիկ անկիւնի մէջ իր ուրոյն տեղը կունենայ մեր Բիւրաւոր Նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող ծառուղին։ Այս մասին “Հայերն Այսօր”- ին կը տեղակացնէ Իրանի “Ալիք” օրաթերթի լրագրողը։

Ծառատունկին այգիի մէջ տնկուեցաւ 100-ը խորհրդանշող նոյնքան շիւեր, եւ ձեռնարկին ներկայ Թեհրան նահանգի Բնական պաշարներու եւ ջրօգտագործման ընդհանուր վարչութեան տեխնիքական գծով փոխտնօրէն Հաղղանին իր խօսքի մէջ բարձր գնահատելով ձեռնարկի գաղափարը, նշեց որ կրնանք ծառուղիին տեղադրել յուշատախտակ մը, ուր կը յիշատակուի, որ այս պուրակը նուիրուած է հայ նահատակներու յիշատակին:

Թեհրանի անտառներու եւ արօտավայրերու պահպանման վարչութեան «Վալիէ ֆաղիհ»-ի ներկայացուցիչ հոջ. Մոհաբաթ Էսլամ Սալարին եւս բարձր գնահատելով իրողութիւնը՝ խոտացաւ, որ այն կարժանանայ յատուկ ուշադրութեան  եւ խնամքի, միառժամանակ յորդորեց, որ յաճախ  մենք ալ  այցելենք ու խնամենք նորատունկ շիւերը:

Թ. Հ. Թ. 100-րդ տարեդարձի յանձնախումբի անունով արտայայտուեցաւ յանձնախումբի անդամ Վահիկ Աղաքեան, որ իր խօսքի մէջ ի մասնաւորի՝ շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան մարմիններուն, որ առիթ ընծայg[ fh 100-րդ տարելիցի առիթով ծառատունկ իրականացուի եւ յոյս յայտնեց, որ այս համագործակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ:

Աւարտին մեզմէ իւրաքանչիւրը իր տնկած ծառի հետ ձգեց իր հոգիի մէկ մասնիկը, յուսալով, որ տնկիները շուտով պիտի դառնան սաղարթախիտ ծառեր ու յաւերժացնեն խորախորհուրդ մեզի համար յաւերժի նահատակներու յիշողութիւնը:

iran2

Scroll Up