«Հարիւր տարուան սերունդները» հաղորդաշար նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100—րդ տարելիցին

“Հայերն Այսօր”-ի տեղակացմամբ, Aztag Arabic կայքէջը կը հաղորդէ,  որ լրագրող Զաւէն Գիումճեան` լիբանանեան future.tv-ի հաղորդավար,  սկսած է հաղորդաշար մը «Հարիւր տարուան սերունդները» (արաբերէն լերզուով) «Առանց ընդարձակ կենսագրութեան»  խորագիրով  ծրագիրի ծիրէն ներս, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Այս հաղորդաշարը կը ներկայացնէ հռչակաւոր հայ անձնաւորութեանց գործունէութիւնն ու կեանքի ընթացքին ունեցած ձեռքբերումները։

Առաջին հիւրը այս հաղորդաշարին Զոհրապ Մարգարեանն է, որ Յորդանանի թագաւորի լուսանկարիչն է:

Scroll Up