Հոգեհանգիստ, Յուշակոթողի Բացում Եւ Ծառատունկ ԱՄՆ-ի «Արարատ Տան» Մէջ

Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման ծիրին մէջ, հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, իւրայատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մարտ 12ի առաւօտուն, «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի համալիրին մէջ՝ տարեց սերունդի ներկայացուցիչները մասնակից դարձնելով մեր նահատակներուն մատուցուած յարգանքին եւ պահանջատիրութեան վերահաստատման:

Հաստատութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Արեւմտեան թեմի երկու առաջնորդները՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքէն Արմենակ վրդ. Պետրոսեան եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կողմէ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, գլխաւորելով երեք յարանուանութեանց հոգեւորականաց դասու անդամներ՝ «Արարատ Տուն» ժամանեցին առաւօտուն:

Մատրան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն. ներկայ էին հաստատութեան պատասխանատուներ, պատսպարեալներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Արարողութեան աւարտին, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ նահատակներու յիշատակը, ապա յատուկ աղօթք կատարուեցաւ մատրան մէջ տեղադրուած նահատակաց աճիւններուն մօտ:

Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազանները, հոգեւորականաց դասն ու հաւատացեալները թափօրով դուրս եկան մատուռէն եւ համախմբուեցան նոր կանգնած յուշակոթողին շուրջ: Հաստատութեան պատասխանատուներն ու Նալպանտեան նուիրատու ամոլը քօղազերծեցին յուշակոթողը, որուն օրհնութիւնը կատարեցին հոգեւոր հայրերը:

Յաջորդող պատկերը սրտառուչ էր. տարեցներ ծառատնկում կատարեցին համալիրի պարտէզին մէջ, իբրեւ խորհրդանիշ աւանդի փոխանցման եւ մեր ժողովուրդի վերածաղկումին:

Յուշահանդէսի աւարտին, հոգեւորականներն ու ներկաները վայելեցին հաստատութեան կողմէ պատրաստուած պատշաճ հիւրասիրութիւն մը, որուն տեւողութեան, քնարով ու սրինգով երաժշտութիւն մատուցեցին Սալբի եւ Սօսի Քերքոնեանները:

Scroll Up