Ամերիկեան NBC հեռուստաալիքը անդարդարձած է Ուիլեամ Սարոյեանի կեանքին
Ամէն շաբաթ Ֆրեզնոյի մէջ NBC հեռուստակայանի KSEE 24-ը կ’անդրադառնայ հովիտի հայ համայնքին` իբրեւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման մաս:
Այս շաբաթ «թիրախին» Ֆրեզնոյի մէջ բնակած հեղինակաւոր գրող Ուիլեամ Սարոյեանն էր: Այս մասին կը յայտնէ Your Central Valley պարբերականը, կը գրէ Արցախփրէսը:
Հաղորդման ընթացքին Սարոյեանի մօտիկ ընկերը յիշած է անձնական պատմութիւններ: 107 տարի առաջ Սարոյեան աշխարհ եկած է իբրեւ գրական տաղանդ եւ լքած աշխարհը իբրեւ անուանի գրող: Ան հետք ձգած է այնտեղ, ուր գացած է` Ֆրեզնոյի կեդրոնին գտնուող տունէն, ուր ծնած է, մինչեւ այն տունը, ուր ապրած է կեանքի վերջին 17 տարիները ու գրած տասնեակ գիրքեր:
Անոր անունը Ֆրեզնոյի ամենայայտնի անուններէն է, եւ Սարոյեանի ժառանգութիւնը կ’ապրի ողջ քաղաքին մէջ: Շատերուն համար ան առասպել է, յայտնի գրող, որ մեծապէս գրած է կեանքի մասին իբրեւ Ֆրեզնոյի ամերիկահայ, բայց էդվարդ Յակոբեանի համար Սարոյեանը ընկեր էր:
Յակոբեանն ու Սարոյեանը առաջին անգամ հանդիպած են 1960 թուականին: Անոնք շատ ընդհանուր բաներ ունէին: Անոնք ամուր կապեր ունէին Ֆրեզնոյի հետ, ժամանակին ապրած էին Փարիզի մէջ, եւ երկուքն ալ հայ էին:
Յակոբեանի խօսքով` Սարոյեան հպարտ էր հայ ըլլալուն համար: 93-ամեայ Յակոբեան անոր կը յիշէ իբրեւ զուարճասէր, ընկերական, անկանխատեսելի անձնաւորութիւն, ինքնատիպ, տարօրինակ:
Յակոբեան կը նշէ, որ Սարոյեան ներամփոփ դարձած է, երբ 3 տարեկանին կորսնցուցած է հօրը ու յայտնուած է որբանոցի մէջ:
Քաղաքը, ուր ան ծնած ու մահացած է, յարգանքի տուրք կը մատուցէ անոր կեանքին` անուանական թատրոնով, տարրական դպրոցով եւ Ֆրեզնոյի հիւսիսարեւմտեան մասին մէջ գտնուող անոր տունը պատմական վայրի վերածելով: Ան արժանի է այդ ամէնուն` կը կարծէ Յակոբեան: Վերջինս նշած է, որ Սարոյեան օգնած է Ֆրեզնոն կառուցելու հարցին` ազդելով ու ոգեշնչելով, բայց որ աւելի կարեւոր է` հպարտութիւն ու յոյս բերելով հայ համայնքին: