Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ կանանց նուիրուած յուշակոթողի բացում Փարիզի Մէջ

Մարտ 8-ին Ֆրանսահայ «Կապոյտ խաչ» միութեան նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս եւ կանանց միջազգային օրուան առթիւ Փարիզի Երեւանեան պուրակը համալրուեցաւ հարիւր վարդենիներով` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ կանանց: Կոմիտասի արձանի հարեւանութեամբ տեղի ունեցաւ յուշակոթողի բացման արարողութիւն, որ կը գլխաւորէին Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն եւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեպան Վիգէն Չիտեչեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին Փարիզի քաղաքային խորհուրդի բազմաթիւ անդամներ, հասարակական-քաղաքական ու պետական գործիչներ, մշակութային ու լրատուական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, հարիւրաւոր ֆրանսահայեր ու փարիզեցիներ:

Դեսպան Չիտեչեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Փարիզի, ինչպէս նաեւ ողջ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն` ծագումով հայ իրենց քաղաքացիներու նախնիներուն յիշատակին հանդէպ ընդգծուած հոգատար վերաբերմունքին եւ մշտական ուշադրութեան համար:

Ելոյթներուն յաջորդեց յուշաքարի հանդիսաւոր բացումը, որուն վրայ գրուած է. «Ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայուհիներուն, անոնց, որոնք անհետ կորան, ինչպէս եւ անոնց, որոնք փրկուեցան եւ փոխանցեցին յիշողութիւնը»:

Scroll Up