Այնտեղ, ուր Թէհլիրեանը Գնդակահարեց Թալէաթ Փաշան, Ապրիլ 3-ին ֆլէշմոպ տեղի կ’ունենայ

Ապրիլ 2-ին, հերոս հայորդի Սողոմոն Թէհլիրեանի ծննդեան օրը, գերմանական Համպուրկ քաղաքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ֆլէշմոպը: Համպուրկի մէջ բացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին խորհուրդը կրող 100 մ. երկայնք ունեցող Հայոց Եռագոյնը: Նմանատիպ եւս այլ նախաձեռնութիւն կը նախատեսուի իրականացնել նաեւ Գերմանական Պեռլին քաղաքին մէջ, այնտեղ, ուր 1921 թուականի Մարտ 15-ին Սողոմոն Թէհլիրեանի կողմէն Նեմեսիս գործողութեան ծիրէն ներս, գնդակահարուեցաւ երիտթուրքերու ներքին գործերու նախարար եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան:

Այս մասին կը յայտնէ Գերմանիոյ մէջ գտնուող “Տիգրան Մեծ” Բարեգործական Հիմնադրամի նախագահ, Արցախեան Ազատամարտի մասնակից, ֆոտոլրագրող Սրապիոն Աւետիքի Գէորգեանը:

Ըստ նախաձեռնողներուն, եթէ խանգարող որեւէ հանգամանք չառաջանայ` նախաձեռնութիւնը կ’իրականացուի Ապրիլ 3-ի կէսօրին:

Ֆլէշմոպին իրենց մանսակցութիւնը կը բերեն նաեւ Գերմանիոյ մէջ բնակող եւ հանդէս եկող հայ ըմբշամարտիկները:

“Տիգրան Մեծ” Հիմնադրամի նախագահ, Սրապիոն Գէորգեան զինք հիւրընկալելու համար, առանձնակի շնորհակալութիւն կը յայտնէ, հայ ըմբշամարտիկ Խորէն Կասրեանին եւ անոր ընտանիքին:

 

unnamed (1) unnamed (2)

Scroll Up