Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Փոքրիկները Միացած Են «Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքով Միլիոնաւոր Մանուկներ Լոյս Աշխարհ Չեկան» Ծրագիրին

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի փոքրիկները միացած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան» խորագիրով ծրագիրին, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Փոքրիկները լուսանկարուած են Լիբանանի Պիքֆայա քաղաքին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ:

Կոչ կ’ուղղենք Սփիւռքի եւ Հայաստանի բոլոր դպրոցներուն, կազմակերպութիւններուն, որ անոնք նոյնպէս իրենց մասնակցութիւնը բերեն համահայկական այս ծրագիրին: Ընդամէնը պէտք է տպել համապատասխան գրութեամբ պաստառ, տալ երեխային ձեռքը եւ լուսանկարել իր բնակութեան վայրին մէջ գտնուող (եթէ հնարաւոր է) Ցեղասպանութեան յուշարձանի մօտ:

Մեր նպատակն է 1,5 միլիոն երեխաներու կողմէ բարձրացուող այս բողոքը խարան դարձնել թուրքի ճակատին:

Լուսանկարներն ամբողջութեամբ կրնաք տեսնել այս ծրագիրին համար ստեղծուած facebook-եան էջին վրայ:

Տեղեկանք- Լիբանանի Պիքֆայա քաղաքին մէջ տեղադրուած  Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը կը գտնուի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայկական վանքի տարածքին մէջ: Յուշարձանի կառուցման աշխատանքները սկսած են 1960 թուականին, բացումը կատարուած է 1965 թուականի Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին առթիւ` ի նշան հայ ժողովուրդի վերածնունդին եւ ի երախտագիտութիւն լիբանանեան ժողովուրդին:

Յուշարձանը կառուցուած է լիբանանահայ համայնքի եւ Լիբանանի հայ առաքելական եկեղեցւոյ ջանքերով: Յուշարձանի նախագծող-ճարտարապետը Զաւէն Խտշեանն է:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ յուշարձանը ենթարկուած է ռմբակոծութեան եւ վնասուած է յուշարձանի ստորին մասը: 1993 թուականին յուշարձանը վերականգնած է Յովսէփ Խաչերեանը:

Պրոնզէ  յուշարձանը , ունի 5 մեթր բարձրութիւն, կը ներկայացնէ ձեռքերը դէպի երկինք յառնած կնոջ:

 Փոքրիկ Փոքրիկներ

Scroll Up