Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Մասնակցութեամբ Մեկնարկեց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ծրագիրը

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող՝ “Ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան” խորագիրը կրող, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած  ծրագիրը մեկնարկեց՝ Քուէյթի ազգային վարժարանի աշակերտներու մասնակցութեամբ։

Այս քայլով Քուէյթի ազգային վարժարանը մէկ անգամ եւս հաստատեց՝ իր կազմակերպուած  ըլլալու եւ հայեցի դաստիարակութեան մասին։ Տեղին է նշել, որ համայնքէն ներս առայժմ Ցեղասպանութեան յուշարձան չըլլալով հանդերձ, անոնք եղան ծրագրի առաջին մասնակիցները եւ խնդիրը լուծեցին՝  նկարուելով Ծիծեռնակաբերդի պաստառին մօտ։

Կոչ կ’ուղղենք Սփիւռքի եւ Հայաստանի բոլոր դպրոցներուն, կազմակերպութիւններուն, որ իրենք նոյնպէս իրենց  մասնակցութիւնը բերեն համահայկական այս ծրագրին. ընդամէնը պէտք է տպել համապատասխան պաստառը, տալ երեխայի ձեռքը եւ նկարել զինք (եթէ հնարաւոր է) իր շրջանի Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ։

Մեր նպատակն է 1,5 միլոն երեխաներու կողմէն բարձացուող այս բողքը՝ խարան դարձնել Թուրքի ճակատին։

Առանձին նկարները տեսնել այս ծրագրին համար ստեղծուած facebook-եան էջի մէջ

Scroll Up