Աւստրալիան Ապրիլ 24-ին պաշտօնական պատուիրակութիւն չուղարկեր Հայաստան
Աւստրալիոյ կառավարութիւնը Ապրիլ 24-ին պաշտօնական պատուիրակութիւն չուղարկեր Հայաստան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ SBS աւստրալական հեռուստաընկերութեան կայքը` վկայակոչելով Աւստրալիոյ ԱԳՆ-ին, կը գրէ news.am-ը:
Նախարարութեան մէջ հրաժարած են մեկնաբանել այդ որոշման պատճառները, եւ չեն պատասխանած հարցին, թէ Աւստրալիան Երեւան ժամանելու պաշտօնական հրաւէրք ստացած է, թէ ոչ:
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վաչէ Ղահրամանեան յայտարարած է, որ Աւստրալիան նոյնպէս դարձած է Անգարայի վարած «բերանը փակելու քաղաքականութեան» զոհը: «Մենք ողջ երկրի տարածքին մէջ խորհրդարանի տարբեր անդամներէն կը լսենք այն մասին, որ Թուրքիան Չանաքալէն եւ ճակատամարտի 100-ամեակը կ’օգտագործէ իբրեւ յաղթող խաղաքարտ, որպէսզի Աւստրալիան պաշտօնապէս չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»,- յայտարարած է Ղահրամանեան: