Ամերիկեան լրատուամիջոցները կը բարձրաձայնեն Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան դասաւանդման կարեւորութեան մասին

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի դպրոցներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան դասաւանդման հարցը կը շարունակէ գտնուիլ ամերիկեան լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբˋ այս անգամ խնդիրին անդրադարձած է ամերիկեան yourcentralvalley.com կայքը: Այն կը տեղեկացնէ, որ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ կայացած ուսուցիչներու ազգային համաժողովի ժամանակ պատմութեան 30 ուսուցիչներէն երկուքը իմացած են հայերու ցեղասպանութեան մասին: «Դժբախտաբար, 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ամենաքիչը յայտնի է նախորդ դարու ցեղասպանութիւններէն: Փաստ, որ հասկնալի պատճառներով կը վրդովէ տեղի հայութիւնը, որոնք ցեղասպանութեան վերապրածներու ժառանգներն են, որոնք իրենց հարազատներուն եւ ընտանիքներուն կորսնցուցած են Օսմանեան Թուրքիոյ կազմակերպած կոտորածներուն ժամանակ», կը գրէ կայքը: Միաժամանակ կը նշուի, որ վերջին տարիներուն Քալիֆորնիոյ դպրոցներու 10րդ դասարանի ծրագիրին մէջ ընդգրկուած է Հայոց ցեղասպանութեան ուսուցանումը: Իսկ վերջերս ընդունուած օրինագիծը կը սահմանէ, որ պատմութեան նոր դասագիրքեր տպագրուին, որոնց մէջ նշուած կ’ըլլայ ցեղասպանութեան մասին: Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ դպրոցականները Հայաստանի մասին կը սորվին շատ փոքր տարիքէն: Տարրական դասարաններուն մէջ կը դասաւանդուի հայկական երաժշտութիւն, իսկ աւագ դպրոցի մէջˋ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւն: 2014 թուականի Օգոստոսին ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանը միաձայն ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան դասաւանդման մասին` «Armenian Genocide Education Act (AB 1915)» բանաձեւը: Նախագիծի հեղինակն է խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան: