Նիւ Եորքի մէջ կայացաւ «Պատասխանատուութիւն 2015» գիտաժողովը

Անցեալ շաբաթավերթին՝ Մարտ 13-էն 15, հոծ բազմութիւն մը ներկայ եղաւ «Պատասխանատուուէիւն 2015» գիտաժողովին, որ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի կարեւորագոյն ձեռնարկներէն մէկն էր: Բանախօսներու շարքին էին համալսարաններէ ներս դասախօսներ, հիմնարկներու ներկայացուցիչներ եւ արուեստագէտներ:
Այս գիտաժողովը կազմակերպուած էր Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ, գործակցութեամբ շրջանի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբին: Կազմակերպող մարմնին անդամներն են.- Հայկ Օշական, Խաչիկ Մուրատեան, Անդրանիկ Գասպարեան, Ճորճ Աղճայեան, Հենրի Թերիօ, Քիմ Հեքիմեան եւ Սարգիս Պալխեան:

Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Հայկ Օշական կատարեց բացման խօսքը: Առաջին նիստին մասնակցեցան «Global Center for the Responsibility» հիմնարկի պատասխանատու Հանիպալ Թրէյվիս, բրիտանացի փաստաբան Ճէֆրի Ռոպերթսըն եւ «Թիւֆենքեան» հիմնարկի տնօրէն Անդրանիկ Գասպարեան, որոնք քննարկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ստեղծած ներկայ իրավիճակը, կատարուելիք առաջադրումներն ու ստանձնուելիք պատասխանատուութիւնը:

Յաջորդ օրը Էրիք Պօղոսեան, Ճէֆրի Ռոպերթսըն, Սքաութ Թիւֆանքճեան, Քրիս Պոհճալեան, Տանա Ուալրաթ, Մաթիու Քարանեան, Նենսի Գրիգորեան, Ալին Յովհաննէսեան, Լօր Մարշան, Կիյոմ Փերիէ, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան եւ Մարիըն ՄըքՔարտի ներկայացուցին իրենց գործերը, որմէ ետք մակագրեցին իրենց հրատարակութիւնները:
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը դիտուած արուեստագէտներու կողմէ» նիւթին խօսք առին Ալեքսանտր Տինելարիս, Էրիք Պօղոսեան, Սքաութ Թիւֆանքճեան, Քրիս Պոհճալեան եւ Տանա Ուալրաթ: «Համերաշխութեան Կարգաւորում» նիւթին շուրջ խօսք առին Տէյվիտ Պարսամեան, Նենսի Գրիգորեան, Սարա Լի Ուիթսըն եւ Էլիզ Սեմերճեան:
Այս Գիտաժողովին ներկայ եղան ներկայ եղան նաեւ բազմաթիւ հայորդիներ, ժամանած Գանատայէն, Եւրոպայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն եւ Աւստրալիայէն:

hairenikweekly.com

Scroll Up