Սթամպուլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ կ’իրականացուի
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս Սթամպուլի մէջ յիշատակի ձեռնարկներ պիտի իրականացուին: Թրքական «DurDe» հասարակական նախաձեռնութիւնը Մարտ 27-ին ժողով պիտի գումարէ, որուն պիտի մասնակցին հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, եւրոպացի գործիչներ, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Ժողովին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ հայ մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ: «DurDe» հասարակական նախաձեռնութեան կայքին մէջ հրապարակուած տեղեկութեան համաձայն` ժողովին ներկայ պիտի գտնուին «Եւրոպական հասարակական հակառասիստական շարժման» (EGAM) նախագահ Պենիամին Ապթան, «Հայկական ընդհանուր բարեգործական միութեան» (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի պատասխանատու Նիկոլայ Դաւիթեան:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 27-ին Սթամպուլի մէջ: Թրքական հասարակական կազմակերութիւններու եւ գործիչների հետ հանդիպման ժամանակ պիտի քննարկուին հարցեր` կապուած համատեղ պայքարի կազմակերպման հետ: Կը նշուի, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ դռնբաց պայմաններով: