Գամիշլիի Ազգային Եփրատ մանկապարտէզի երեխաները կը մասնակցին մեր համահայկական ծրագրին
Հակառակ քաղաքի մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն, Սուրիոյ Գամիշլիի հայկական համայնքը կը պատրաստուի (ինչպէս ամէն տարի)` արժանավայել կերպով ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը։
Անոնց մասնակացութեանէն անմասն չմնացած նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած, “Ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր երեխաներ լոյս աշխարհ չեկան” համահայկական ծրագիրը, Երեխաները նկարուած են տեղի փոխանորդարանի շրջափակէն ներս տեղ գտած Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանին մօտ։
Յուշարձանը կառուցուած է 1975 թուականին, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց թեմին եւ տիկին Ժօրժէթ Գասպարեանի, յուշարձանի հեղինակն է Յովսէփ Փչաքճեան:
Կոչ կ’ընենք աշխարհի բոլոր հայկական համայնքներուն, որ իրենք նոյնպէս կազմակերպեն տեղի համայնքի երեխաներուն մասնակցութիւնը այս ծրագրին` երեխաները նախընտրաբար պէտք է նկարել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին մօտ, անոնք անպայման պէտք է իրենց ձեռքին ունենան ծրագրի պաստառը (ներբեռնել այստեղէն), իսկ նկարները ուղարկեն hayernaysor@gmail.com հասցէին։