Աւստրալիոյ մէջ Սփիւռքի Նախարարի Հանդիպումները կը Շարունակուին

Այսօր Մարտ 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը աշխատանքային նախաճաշ-հանդիպում ունեցաւ՝ Աւստրալիայի ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Կայսերեանի, Աւստրալիայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Վաչէ Կահրամանեանի եւ Աւստրալիայի հայ դատի գործադիր տնօրէն Գրեգ Սողոմոնեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են համայնքային հարցեր, անդրադարձան նաեւ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն։

Հանդիպումէն ետք նախարարը այցելեց Ռայդ քաղաք, ուր հանդիպեցաւ Հայ տարեցներու խումբի հետ, այնտեղ ներկայ էին շուրջ 65-էն բարձր տարիքի 110 անձինք։ Նախարարը այցելեց նաեւ տեղի առաջնորդարանը, ուր հանդիպում ունեցաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Սրբազան եպիսկոպոս Նաճարեանին ու քաղաքի խորհուրդի անդամ Սարգիս Եկելեան եւ այլոց հետ։ Հանդիպումի ընթացքին որոշ հարցեր քննարկելէն ետք, նախարարը Սարգիս Եկելեանի ուղեկցութեամբ շրջայց կատարեց քաղաքպետարանէն ներս:

Նախարարի հանդիպումները Աւստրալիոյ մէջ կը շարունակուին։

նախարար Նախարար2 Նախարար1

Scroll Up