ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը ՀՀ Քաղաքացիի Անձնագիրներ Յանձնեց Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդին Եւ Եգիպտահայ Գործարար Րաուֆ Պարքուտին
Ապրիլ 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիրներ յանձնեց Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ, Գերապայծառ Տէր Գրիգոր Օգոստինոս Եպիսկոպոս Գուսանին եւ Մոկաբօ ընկերութեան սեփականատէր Րաուֆ Պարքուտին:
Ներկայացնելով ծնունդով Հալէպէն Գերապայծառ Տէր Գրիգոր Օգոստինոս Գուսանի գործունէութիւնը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց, որ ան 2004թ.-էն Ալեքսանտրիոյ Կաթողիկէ Հայոց թեմի առաջնորդն է, որ իր հովուապետութիւնը կ’իրականացնէ նաեւ Եգիպտոսի, Սուտանի, ՀԱՀ-ի եւ Եթովպիոյ մէջ: «Տէր Գրիգոր Օգոստինոս Գուսանը մեր ամենահին համայնքներից մէկի թեմի առաջնորդն է, իսկ մենք գիտենք, որ հոգեւոր թեմերը Սփիւռքի համայնքներում միայն հոգեւոր գործունէութիւն չեն ծաւալում, այլ նաեւ կազմակերպում եւ իրականացնում են հայապահպանութեանն ուղղուած կրթական, մշակութային անհրաժեշտ աշխատանքներ», – ընդգծեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:
Դեռեւս 1938թ., երբ Քեսապի մէջ ըմբոստութիւն կը բռնկի Թուրքիոյ կազմին միանալու դէմ, Քեսապ կ’այցելէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Պապական նուիրակը, ծանօթանալու հայութեան վիճակին եւ ներկայացնելու Հռոմի Պապին: Այդ իրադարձութիւններուն կարեւոր դերակատարութիւն կը ստանձնէ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաջանեանը, որու արդիւնքով Քեսապի շրջանը ետ կը միացուի Սուրիոյ:
«Կարծում ենք, որ Հայ Կաթոլիկ Եկեղեցին կրկին պիտի աշխատանքներ տանի, որպէսզի Հռոմի Պապն այս անգամ եւս հանդէս գայ Քեսապի դէպքերի վերաբերեալ յայտարարութեամբ»,- նշեց տիկին Յակոբեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին իրեն ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհելու համար` Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդը հաւաստիացուց, թէ մեծ ուրախութիւն կ’ապրի ողջ թեմը, երբ իմանայ իր առաջնորդի` Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու մասին:
«Գիտեմ, անշուշտ, որ վերադառնալուս պէս Եգիպտոսի ոչ միայն հայկական, այլեւ արաբական թերթերը պիտի գրեն այս մասին, եւ շատ եգիպտահայեր նոյնպէս պիտի ցանկանան դիմել` ՀՀ քաղաքացութիւն ստանալու համար»,- նշեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ յարգելով իր անձը` Հայրենիքի մէջ յարգած եւ արժեւորած են Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին:
Ներկայացնելով Եգիպտոսի «Մոկաբօ» լաւագոյն հագուստի ընկերութեան սեփականատէր, հայազգի եւ արդէն իսկ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած Րաուֆ Պարքուտին` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ մեր ազգակիցը Եգիպտոսի մէջ մեծ ճանաչում եւ հեղինակութիւն վայելող գործարար է, ունի 30 խանութ-սրահ, ինչպէս նաեւ խանութներ Փարիզի եւ Պէյրութի մէջ: «Տեսնում ենք, որ պարոն Րաուֆն օրինակ է վերցրել Սրբազան հօրից: Պարքուտները հայրենասէր եւ գործունեայ մարդիկ են, ովքեր իրենց տաղանդի եւ ձգտման շնորհիւ կարողացել են մեծ յաջողութիւնների հասնել Եգիպտոսում: Համոզուած եմ, որ յաջորդ անգամ ՀՀ քաղաքացիութիւն պիտի ստանայ նրա եղբայր Ճոնի Պարքուտը, ով այս պահին եւս դահլիճում է», – նշեց նախարարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարին` իրեն համար ամենապատուաբեր պարգեւը` ՀՀ քաղաքացիի անձնագիրը ստանալու առիթով` պարոն Պարքուտը նշեց, որ յաջորդ այցին պիտի փորձէ հաղորդակցիլ հայերէնով: