ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Պէյրութի Հայ Սւետարանական Ուսումնարանի Տնօրէն Զաւէն Մսրլեանը

Ապրիլ 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Պէյրութի Հայ Աւետարանական ուսումնարանի տնօրէն Զաւէն Մսրլեանը:

Հանդիպման ընթացքին նախարարի պաշտօնակատարը բարձր գնահատեց Լիբանանի հայ համայնքի դերն ու աշխուժութիւնը ինչպէս Լիբանանի հասարակական, քաղաքական, մշակութային կեանքին մէջ, այնպէս ալ հայրենիքի հետ ունեցած կապերու ծիրէն ներս:

Քննարկուեցան հայապահպանութեան առնչուող հարցեր, երկուստեք կարեւոր համարուեցան արեւմտահայերէնի պահպանման ուղղուած ծրագիրները:

Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Պէյրութի Հայ աւետարանական ուսումնարանը մեծ ներդրում ունի Լիբանանի հայ համայնքի կրթամշակութային կեանքէն ներս եւ աւելի քան 90 տարուան իր գոյութեամբ կրցած է հայեցի կրթել ու դաստիարակել տասնեակ սերունդներ, որոնք կայացած են տարբեր ոլորտներու մէջ եւ իրենց նպաստը  բերած համայնքի կայացման, զարգացման եւ Հայրենիքի հետ գործակցութեան ոլորտներուն մէջ:

Զաւէն Մսրլեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարի պաշտօնակատարին ջերմ ընդունելութեան, արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի հայ համայնքը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած ծրագիրներուն ու ձեռնարկներուն կ’ունենայ աշխոյժ մասնակցութիւն:

Scroll Up