Ֆրեզնոյի մէջ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով քննարկում տեղի կ’ունենայ

San Joaquin Valley Town Hall ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն է յայտնի մարդոց միջոցով հանրութեան որոշակի խնդիրներուն մասին իրազեկելը, Ֆրեզնոյի մէջ հոգեւորականութեան 2 ներկայացուցիչներու, գիտնականի եւ դիւանագէտի մասնակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի վերաբերեալ քննարկում կը կազմակերպէ: 1in.am-ի փոխանցմամբ այս մասին կը յայտնէ The Fresno Bee-ն:

«Մարդու անմարդկայնութիւնը մարդու նկատմամբ… Վերջին 100 տարիները» վերտառութեամբ քննարկումը տեղի կ’ունենայ Մարտ 18-ին Սարոյեանի անուան թատրոնին մէջ: Բանախօսներն են Ամերիկայի մէջ հայկական եկեղեցւոյ ընդհանուր գրասենեակի գործադիր տնօրէն, արքեպիսկոպոս Վիգէն Հայկազեան, Քլարքի համալսարանի պատմութեան փրոֆէսոր Թաներ Աքչամ, Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեան եւ նախկին րապի Քէնէթ Սէգելը: Հանդիպման ժամանակ պիտի խօսուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին,  քննարկուին հարցեր ամերիկեան մշակոյթի, գիտութեան մէջ ներդրումներու մասին այն մարդոց կողմէ, որոնք անմարդկային վերաբերմունքի  ենթարկուած են:

Սէկել պիտի  խօսի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոստի միջեւ կապի մասին:

Հայկազեան յոյս ունի, որ քննարկումը հայերուն հասկնալու համար լաւ հիմք պիտի ստեղծէ:

«Անոնք չեն ատեր թուրքերուն,- ըսած է ան:- Հայ ժողովուրդին մեծ մասը մտադիր չէ վրէժխնդիր ըլլալ: Մեծամասնութիւնը պատրաստ է խաղաղ լուծման: Ամենակարեւորը` ճանաչումն է»:

Scroll Up