Հարիւրամեակին Նուիրուած Համագաղութային Ոգեկոչում Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Մէջ

Լրագրող Ֆլորընս Աւագեան կը տեղեկացնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած համագաղութային ոգեկոչում մը տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, Մայիս 7-9, մասնակցութեամբ հայկական բոլոր եկեղեցիներուն, հայրենակցական ու բարեսիրական միութիւններուն եւ քաղաքական խմբաւորումներուն։
Ան այս նպատակով զրոյց մը ունեցած է Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման համագաղութային յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Նուպար Աֆէյեանի հետ, որ շեշտած է, թէ ոգեկոչման ձեռնարկներուն ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին նաեւ վերապրողներու իրագործումները եւ վերապրումին նպաստած կազմակերպութեանց ու անձնաւորութիւններու դերակատարութիւնը։
Եռօրեայ այս ձեռնարկներուն մաս կազմող եւ Ազգային տաճարին մէջ կաթողիկոսներ Գարեգին Բ.ի եւ Արամ Ա.ի գլխաւորութեամբ կայանալիք միջեկեղեցական արարողութեան մասնակցելու համար, նախագահ Պարաք Օպամային եւ կարգ մը քոնկրեսականներու պաշտօնական հրաւէրներ յղուած են Միացեալ Նահանգներու Եկեղեցիներու ազգային խորհուրդին ու Միացեալ Նահանգներու Կաթոլիկ եպիսկոպոսներու խորհուրդին կողմէ։ Ներկայ կրնայ ըլլալ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը։

http://asbarez.com/

Scroll Up