Թուրքիան պէտք է մեծնայ. ամերիկացի հետազօտողը` Թուրքիոյ ժխտողականութեան մասին
Հարվըրտի համալսարանի Ռուսական եւ եւրասիական հետազօտութիւններու Տեւիսի կեդրոնի հետազօտող, ցեղասպանութիւններու մասին բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Ճէք Նիւզան Փորթերը, շարունակելով Global Post պարբերականին մէջ վերջերս հրապարակուած «Ինչու՟ Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել Ցեղասպանութիւնը»
վերտառութեամբ յօդուածը, նոյն պարբերականին մէջ կը գրէ, այս մասին կը յայտնէ 1in.am-ը.
«Կը ցանկայի բացատրել` ինչու, իմ կարծիքով, Թուրքիան, ի տարբերութիւն Գերմանիոյ (նկատի ունի Գերմանիոյ կողմէ Հոլոքոստի ճանաչումը- խմբ.) չէ ճանչցած ցեղասպանութիւնը:
Անհրաժեշտ է հոգեբոյժի մօտ քաղաքական հոգեբանութեան դասեր վերցնել` հասկնալու համար Թուրքիոյ շարժառիթները: Դժբախտաբար, Թուրքիան, յատկապէս անոր առաջնորդները, խոր թերարժէքութեան բարդոյթով կը տառապին` լուալով իրենց ժողովուրդի ուղեղները եւ ստիպելով անոնց հաւատալ այս ամէնուն: Գերմանիան ուժեղ երկիր է, որ գիտէ` առաջինը դուն պէտք է ընդունիս չարիքը` որպէսզի իբրեւ ազգ հասուննաս:
Կարճ խօսքով, Թուրքիոյ մեծնալ պէտք է: Ցաւօք, քանի դեռ այդ երկիրը երթալով աւելի ու աւելի կը սկսի յարիլ հիմնական իսլամին, աւելի դժուար կը դառնայ ընդունիլ ոեւէ մէկուն ցաւը:
Աւելին, Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը Թուրքիոյ ճնշման պատճառով նոյնպէս չեն ճանչցած Ցեղասպանութիւնը: Ուստի, նման կերպ, այդ երկրները նոյնպէս հասուննալու տեղ ունին:
Ամերիկան եւ Իսրայէլը Թուրքիոյ կարիքը չունին: Անոնք պէտք է դիմադրեն Թուրքիոյ եւ ճնշում գործադրեն այդ երկրին վրայ` ճանչնալու ցեղասպանութիւնը: Բայց նախ եւ առաջ, անոնք իրենք պէտք է ատիկա ընեն:
Ի վերջոյ, ես կը հաւատամ, որ թուրք ժողովուրդը, որուն ես անչափ կը սիրեմ, ոտքի կը կանգնի եւ կ’ունենայ այնպիսի առաջնորդներ, որոնց արժանի է»: