ՀՀ Սփիւռքի նախարարի այցը Այնճար (լուսանկարներ)
Կիրակի 15 Մարտ 2015-ին, Այնճար այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքինախարար Հրանուշ Յակոբեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանիարտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Երեւանի Ժամանակակից Արուեստի պատկերասրահի տնօրէնուհի՝ Նունէ Աւետիսեանի եւ ցեղասպանութեան 100 ամեակի լիբանանի կեդրոնական մարմնի անդամներ Շահան Գանտահարեանի եւ Արթիւր Գունտաքճեանի:
Նախարարը ընկերակցող պատուիրակութեան հետ Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» Կեդրոնին մէջ դիմաւորուեցաւ նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, Հ.Յ.Դ. «Կ. Լեռ» կոմիտէին, Մուսա Լերան Հերոսամարտի 1ՕՕ ամեակի կեդրոնական մարմնին, Հ.Յ.Դ. «Կ. Լեռ» Կոմիտէի Դաստիարակչական-Քարոզչական Յանձնախումբին եւ համայնքներու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
«Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ նախարարը հանդիպում մը ուր Հ.Յ.Դ. «Կ. Լեռ» Կոմիտէի Դաստիարակռական-Քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ՝ Դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան զեկուցեց ցեղասպանութեան 1ՕՕ ամեակին առթիւ Այնճարի մէջ կատարուելիք ձեռնարկներու մասին:
Ապա՝ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 1ՕՕ ամեակի կեդրոնական մարմնի նախագահ՝ Եսայի Հաւաթեան զեկուցեց Մուսա Լերան Հերոսամարտի 1ՕՕ Ամեակին առթիւ կատարուելիք շարք մը ձեռնարկներուն մասին: Հաւաթեան ըսաւ թէ յառաջիկայ Օգոստոս եւ Սեպտեմբեր ամիսներուն՝ Այնճարի մէջ ծրագրուած են 16 ձեռնարկներ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 1ՕՕ ամեակի տօնակատարութիւններուն առթիւ, իսկ Պէյրութի մէջ նախատեսուած են երկու ձեռնարկներ: Ան նշեց թէ Այնճարի մէջ ձեռնարկներու աւարտէն ետք համայն Մուսալեռցիք պիտի ուղղուին դէպի Հայրենիք ուր տեղի պիտի ունենայ 1ՕՕ ամեակի եզրափակիչ ձեռնարկները՝ կազմակերպութեամբ Հայաստանի մէջ Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութեան:
Նախարարը լսելէ ետք զեկուցումները կատարեց իր թելադրութիւնները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակլու զոյգ 1ՕՕ ամեակներու ձեռնարկներու իրագործման:
Ապա յանուն Հ.Յ.Դ. «Կ. Լեռ» կոմիտէին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի գործավարուհի՝ Ռիթա Քիւսպէքեան նախարարին յանձնեց Այնճարի աւանդական ասեղնագոծ ձեռագործ մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ աւանդական Մուսա Լերան նախաճաշի հիւրասիրութիւն:
Այնուհետեւ Նախարարը եւ իր ընկերակիցները՝ Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի Շեփորախումբի առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի «Ս. Պօղոս» Եկեղեցի, որու շրջափակին մէջ զինք դիմաւորեցին Տէր Վարուժան Արք. Հերկելեանը, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդն ու Այնճարի 3 վարժարաններու աշակերտները եւ ուսուցիչները, եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Նախարար Յակոբեան ներկայ գտնուեցաւ «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ մէջ կայացած եղեռնի նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութեան, որմէ ետք ան ուղղուեցաւ դէպի Մուսա Լերան Հերոսամարտի յուշարձան եւ ծաղկեպսակ զետեղելով յարգեց յիշատակը Մուսա Լերան Հերոսամարտի նահատակներուն:
Նախարարը լուսանկարուեցաւ գիւղի աշակերտութեան հետ «Կը յիշեմ եւ կը Պահանջեմ» բնաբանի հովանիին տակ:
Ապա նախարարը եւ հայրենակիցներու բազմութիւնը ուղղուեցան դէպի « Գ. Կիւլպէնկեան» Սրահ ուր՝ Լիբանանի եւ հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ենք, Հ.Յ.Դ. «Կ. Լեռ» Կոմիտէի անդամ՝ Տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան կոմիտէին եւ բոլոր հայրենակիցներուն անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց նախարարին եւ իր ընկերակիցներուն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին իր ջերմ վերաբերումին համար՝ Այնճարի հայութեան հանդէպ, գնահատեց հայաստանի դեսպանութեան ընծայած դիւրութիւնը հայաստանեան քաղաքացիութիւն տրամադրելու համար Այնճարի հայրենակիցներուն:Ապա ան Հրաւիրեց նախարարը իր սրտի խօսքը փոխանցելու Այնճարի հայութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ըսաւ թէ Հայը ուր որ հաստատուի կը կազմէ փոքրիկ Հայաստան մը հոն ունենալով դպրոցներ, ակումբներ եւ միութիւններ՝ որուն փաստերէն մէկն ալ Այնճարն է: Ան ըսաւ թէ մենք իբր ցեղասպանութեան վերապրողներու ժառանգորդներ ունինք անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքներ, ինչպէս նաեւ հատուցման հարցեր պահանջելու թուրքիոյ կառավարութենէն:
Ան կոչ ըրաւ ներկաներուն պատրաստել երիտասարդութիւնը որպէսզի անոնք շարունակեն իրենց պապերուն պայքարը եւ ըլլան օրինակելի երիտասարդներ՝ պահելով հայերէն լեզուն եւ բարձրացնելով ազգի եւ հայրենիքի պատիւը:
Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան նախարարը ըսաւ թէ հայաստանի պետութիւնը կարելին կ՛ընէ սուրիահայերուն հայաստանի մէջ պահելու եւ պահպանելու եւ լուծելու իրենց կրթական, առողջապահական եւ բնակարանային բոլոր խնդրիրները:
Վերջապէս ան իր խօսքը ուղղելով Մուսալեռցի-Այնճարցիներուն՝ ըսաւ «Սիրելի Այնճարցի- Մուսալեռցիներ՝ ես ձեզմով շատ հպարտ եմ եւ բոլոր իմ ճառերուն եւ բոլոր իմ հանդիպումներուն ընթացքին ես կը բերեմ միշտ Այնճարի օրինակը»:
Ցեռնարկի աւարտին Նախարարը Այնճարի Քաղաքապետին յանձնեց յատուկ յուշանուէր:
Ապա ան հիւրասիրուեցաւ «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ՝ որմէ ետք մեկնեցաւ Այնճարէն բարձր տրամադրութիւններով: