“Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը Երեւանի Մէջ” Ցուցահանդէս-Տօնավաճառ

Դեկտեմբեր 17-19-ը՝ ժամը 11:00-19:00-ն, ՀՀ կառավարութեան նիստերու մեծ դահլիճի նախասրահին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ն եւ Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւնը կ’իրականացնեն աւանդական դարձած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» ամանորեայ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը:

8-րդ տօնավաճառին կը մասնակցեն սուրիահայ ձեռագործ վարպետներ եւ հրուշակագործներ, ինչպէս նաեւ իրենց ապրանքատեսակները պիտի ներկայացնեն Հայաստանի մէջ արտադրութիւն հիմնած սուրիահայերը:

Նշենք, որ 2013 թուականէն սկսեալ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը նախաձեռնած է «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի էջ» խորագիրով՝ սուրիահայ ձեռագործ վարպետներու եւ հրուշակագործներու մասնակցութեամբ տօնավաճառներ՝ նուիրուած եկեղեցական ազգային տօներուն:

2013-2014թթ. ընթացքին կազմակերպուած է 7 ցուցահանդէս-տօնավաճառ:

Scroll Up