Թուրքիոյ Մէջ Նախաձեռնող Խումբը Կը Ցանկայ Առերեսուիլ Պատմութեան Հետ. Սթամպուլի Մէջ Տեղի Կ’ունենայ Ցեղասպանութեան Մասին Համաժողով

Թուրքիոյ մէջ լրագրողներէ, փաստաբաններէ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններէ բաղկացած նախաձեռնող խումբ մը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ համաժողով կը նախապատրաստէ` «2015թ.-էն 1 պակաս. մեր անցեալն ու ապագան» խորագիրով:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Hye Tert-ը, նախաձեռնողները հետաքրքրուող բոլոր անձանց կը հրաւիրեն մարտ 16-ին կայանալիք համաժողովին:
Demokrat Haber կայքի խմբագիր Մեհմէթ Գէօջեքլին կ’ըսէ, թէ եթէ իրենց ժողովուրդը այդքան շատ կը սիրէ պատմութիւնը, պատմական գիրքերը, հաղորդումներն ու սերիալները, ապա իրենք կ’առաջարկեն միասին կարդալ պատմութիւնն ու պարզել` ի՞նչ  տեղի ունեցած է 1915թ.-ին:

նախաձեռնողները կը նշեն, որ պետութիւնը արդէն սկսած է պատրաստուիլ ցեղասպանութեան 100-ամեակին: «Եթէ անոնք քաղաքական նպատակներով կը պատրաստուին, մենք ալ կը պատրաստուինք խօսիլ իրականութեան մասին, եւ առերեսուիլ մեր անցեալին»,-կ’ըսէ Գէօջեքլին` ընդգծելով, որ 1915թ.-ի Հայոց ցեղասպանութեան թեման այնքան կարեւոր է, որ այն չի կարելի կառավարութեան քաղաքականութեան յանձնել:

Ան նշած է, թէ Թուրքիոյ տարածքին մէջ բնակող ամէն մարդ պէտք է հարցնէ` «1915թ.-ին ի՞նչ  տեղի ունեցած է », եւ կոչ ընէ, որ ամէն մարդ կատարէ իր պարտականութիւնը:

«100 տարի առաջ Հաքքարիի բնակչութեան կէսը ասորի էր, Վանի բնակչութեան կէսը` հայ: Եկէք մտածենք` ու՞ր գացին այդ մարդիկ, ինչու՞ գացին: Ձեզի չի՞ հետաքրքրեր»,-կ’ըսէ Գէօջեքլին ու կ’աւելցնէ, որ իրենց նպատակը պարզապէս քննարկելն ու խօսիլն է եւ դադրիլ այնպէս վարուիլ, կարծես այս հողերուն  նման ողբերգութիւն չէ եղած:

Ան կը նշէ, որ ազատ, հաւասար եւ ժողովրդավար ապագայ ստեղծելու համար պէտք է առերեսուիլ անցեալին:

թերթ.am

Scroll Up