Չարժէ Այդպէս Վիճել, Մենք Արդէն Վերացուցած Ենք Հայերու Երեք Քառորդը. Թալէաթը Դեսպան Մորկենթաուին
«Ազատ Ձայն» լրատուականը իր ընթերցողին կը ներկայացնէ ակադեմիկոս Եւկենի Թառլէի «Եւրոպան Իմփերիալիզմի դարաշրջանին մէջ 1871-1919» աշխատութենէն հատուած մը, ուր հեղինակը կը նեկայացնէ Թալէաթ Փաշայի եւ ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկենթաուի երկխօսութիւնը` կապուած հայերու բնաջնջման հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք նիւթը.
«Ամերիկեան դեսպան Մորկենթաուն, ամենաարդարամիտ, սթափ դատող, անկանխակալ ականատեսներէն լսելով Հայաստանի մէջ կատարուող անլուր սարսափելի պատմութիւնները, վերջապէս կ’որոշէ երթալ Թալէաթ փաշայի մօտ: Վերջինս կտրականապէս կը հրաժարի խօսիլ հայերու մասին: «Միթէ՞ անոնք ամերիկացիներ են»,- կը հարցնէ ան Մորկենթաուին: Ան դեսպանին պատասխանած էր ճիշդ եւ ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ «Berliner Tageblatt-ի թղթակիցին. «Մեզ կը շտամբեն, թէ մենք տարբերութիւն չէինք դներ անմեղ եւ մեղաւոր հայերու միջեւ. ատիկա միանգամայն անհնար էր, քանի որ այսօրուան անմեղները կրնան վաղը դառնալ մեղաւորներ»: Որ հայ ժողովուրդը ամբողջովին կը բնաջնջուի` Թալէաթ փաշան միանգամայն վստահ էր, եւ անոր մեղքը չէ, որ այնուամենայնիւ, քանի մը հարիւր հազար հայեր պատահաբար փրկուեցան աշխարհի վրայ: «Չարժէ այդպէս վիճել, – առիթով մը ըսած է Թալէաթ փաշան ամերիկեան դեսպանին,- մենք արդէն վերացուցած ենք հայերու երեք քառորդը: Անոնք այլեւս չկան ոչ Պիթլիսի , ոչ Վանի, ոչ Էրզրումի մէջ»: Թալէաթ փաշան այնքան համոզուած էր անով, որ լկտիաբար համարձակած էր (ամենայն լրջութեամբ յամառամտօրէն) դեսպանին խնդրել, որ ան ազդէ ամերիկեան ապահովագրական ընկերութիւններուն վրայ, ուր շատ հայեր ապահովագրած էին իրենց կեանքը. «Քանի որ հայերը գրեթէ բոլորը այժմ արդէն մեռած են, չձգելով ժառանգորդներ, ապա, հետեւաբար, հարկ պիտի ըլլայ, որ անոնց փողերը ստանայ թրքական կառավարութիւնը. Ան պէտք է օգտուի ատկէ: Կրնա՞ք այդ ծառայութիւնը մատուցել ինծի»:
Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Վանկենհայմ, որուն դիմած էր Մորկենթաուն, խնդրելով զսպել Թալէաթն ու Էնուէրը եւ պաշտպան կանգնիլ բնաջնջուող հայերուն, ի պատասխան սկսած էր ամենակոպիտ հայհոյանքները տեղալ հայերու հասցէին եւ կտրականապէս հրաժարած էր որեւէ բան ընել անոնց համար: Գերմանական դեսպանատան խորհրդական Նոյրատ, Թալէաթի եւ Էնուէրի անլուր չարագործութիւններէն վրդովուած, փորձած էր ինչ-որ բան ընել անոնց վրայ ազդելու համար, բայց հայ ժողովուրդի բնաջնջման գործին հէնց իր` դեսպան Վանկենհայմի ակնյայտօրէն համակիր ըլլալու պայմաններուն մէջ դեսպանութեան
երկրորդական պաշտօնեայի այդ բոլոր փորձերը, անշուշտ, ապարդիւն էին: Գերմանական դեսպանութեան ծովային կցորդ Գումման` Վիլհելմ II-ի սիրեցեալը, բացէ ի բաց կը յայտարարէր, թէ թուրքերը միանգամայն ճիշդ կը վարուին հայերու հետ (Գումման Վիլհելմ կայսեր անձնական հովանաւորեալն էր եւ նամակագրական կապի մէջ էր անոր հետ): Իսկ Լիման ֆօն Սանտերս վճռականօրէն իր դժգոհութիւնը կը յայտնէր ամերիկեան դեսպանին (անոր որդիին միջոցով) այն առթիւ, որ ան թրքական գազանութիւններուն մասին կը հաղորդէ Եւրոպա եւ Ամերիկա: Միայն Գառլ Լիպկնեխտը վրդովմունքով կը խայտառակէր մարդասպանները: Բայց անզօր էր ան»: