Ձեռնարկ` Նուիրուած Յովհաննէս Շիրազի 100 Ամեակին

Մարտ 1-ին Մոսկուայի «Հայորդաց տան» մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկներ` ամփոփելով Փետրուար 1-էն սկսած Մայրենի լեզուի միամսեակը: Այս շաբաթներուն ընթացքին իրականացուեցան դաս-ձեռնարկներ, բանաստեղծութեան ժամեր, բաց դասեր նուիրուած հայերէնին: Միամսեակը փակուեցաւ Յովհաննէս Շիրազի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկով, որ կազմակերպած էին հայոց լեզուի ուսուցչուհիներ Սուետլանա Միքայէլեանն ու Ալլա Համբարձումեանը:

«Մանուշակներ ոտքերիս ու շուշաններ ձեռքերիս

Ու վարդերը այտերիս, ու գարունը կրծքիս տակ․․․»

Շիրազի «Գարնանամուտով» մեկնարկեց ձեռնարկը եւ արտասանող երիտասարդը ծաղիկներ նուիրեց ներկաներուն` ալ աւելի ամբողջացնելով գարնանային տրամադրութիւնը: Գիւմրիի բարբառով յագեցած փոքրիկ բեմադրութիւնները, տեսահոլովակներն ու Շիրազի բանաստեղծութիւնները հանդիսատեսին տեղափոխեցին Շիրազի մանկութիւն, ստիպեցին զգալ բանաստեղծի սրտի ամէն մէկ թրթիռը, երբ կը գովերգէր մօրը, Մասիսն ու հայրենին:

Ձեռնարկին հեղինակները մեծ նուիրումով եւ պատասխանատուութեամբ  ընտրած էին ներկայացուող բանաստեղծութիւնները, որպէսզի ներկաները կարճ ժամանակահատուածի մէջ հնարաւորութիւն ունենային հնարաւորինս ճանչնալու Շիրազին, զգալու անոր ցաւն ու մեծութիւնը եւ պատկերացնելու, թէ ինչու Շիրազը իր ծննդեան օրը կը համարէր Ապրիլ 24-ը եւ ինչ ցաւ կը զգար ամէն անգամ նայելով բիբլիական Մասիսին:

Սաները Շիրազին ներկայացուցին այնպէս, ըսես ողջ կեանքին մէջ ուսումնասիրած էին անոր բանաստեղծութիւնը եւ այն գիտակցմամբ, որ բանաստեղծի գրած իւրաքանչիւր տող ուղղուած է հէնց իրենց: Ու անոնց  ուղղուած է նաեւ Շիրազի «կտակը»․

․․․Քեզ մեր սարն եմ կտակում, որ դուրս բերես սեւ ամպից,
որ տուն բերես շալակած արդարութեամբ մեր անբիծ,

․․․Քեզ Մասիսն եմ կտակում, որ դու պահես յաւիտեան,

Որպէս լեզուն մեր հայոց, որպէս սիւնը քո հօր տան:

Սուետլանա Միքայէլեան եւ Ալլա Համբարձումեան շեշտը դրած էին նաեւ ձեռնարկի սկիզբին եւ աւարտին վրայ․ որպէսզի ինչ «գարուններով» ալ շրջապատուած ըլլայ օտար հողի վրայ ապրող հայը, չմոռնայ, որ պապերէն իրեն փոխանցուած կտակ ունի` յետ բերել Մասիսը :

Ձեռնարկը իրենց գեղեցիկ կատարումներով փոխլրացուցին Արմինէ Մարտիրոսեանի ղեկավարած ազգագրական, աշուղական երգի համոյթի անդամները, որոնք երգեցին Յովհաննէս Շիրազի բանաստեղծութիւններով գրուած երգեր:

Ձեռնարկին աւարտին «Հայորդաց տան» հոգեւոր տեսուչ Տէր Առաքէլ քահանայ Ամիրեան, դիմելով ներկաներուն, ըսաւ․ «Այս միջոցառումը երդում էր ուղղուած հայոց լեզուին, հայրենիքին, եկեղեցուն, քանի որ պահելով ձեր լեզուն` դուք դառնում էք դրա կրողն ու փոխանցողը: Շիրազի` Մասիսը «տուն դարձած» տեսնելու պատգամն ու ցանկութիւնը դեռ անկատար է, բայց մեզանից իւրաքանչիւրն այն վերադարձնելու հաւատը պէտք է ունենայ: Իսկ Մասիսը վերադարձնել հնարաւոր է հայրենիքին նուիրեալ զաւակ ունենալով․ դուք բոլորդ հէնց այդ զաւակներն էք»:

Արմինէ Կարէյեան, Մոսկուա

մոսկվա մոսկվա1 Մոսկվա2 Մոսկվա3 Մոսկվա4 Մոսկվա5 Մոսկվա6

Scroll Up