Նոր Գիւղի Մէջ Հայորդիներ Վիրաւորուած են

Չորեքշաբթի 1 Հոկտեմբերի կէսօրուան ժամերուն կազի տակառ մը դարձեալ ցնցած է Հալէպի Նոր Գիւղի Ազգ. Զաւարեան Վարժարանի թաղը, որուն իբրեւ արդիւնք նահատակուած է թաղեցի արաբ երիտասարդ մը եւ վիրաւորուած են հայորդիներ՝
Շահէ Շահինեան եւ Աւետիս Սոլաքեան: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի “Գանձասար”-ը:

Ըստ վերջինիս՝ վիրաւորներուն վիճակը մտահոգիչ չէ…

Scroll Up