Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի ընթրիքը՝ ընդառաջ Ֆոնէթոնին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/Խնջույք-Ֆրանսիա.jpg)
Շուրջ 300 հրաւիրեալներու ներկայութեան, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի ընթրիքը, որ պաշտօնապէս կ՚ազդարարէր այս տարուան Ֆոնէթոնի սկիզբը: Այս մասին կը յայտն է «Նոր Յառաջ»-ը:
Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Փարիզի քաղաքապետարանի ընդունելութիւններու շքեղ սրահին մէջ, պարզապէս այն պատճառով, որ Ֆոնէթոնի այս տարուան երկու կնքահայրերէն մէկն է Փարիզի քաղաքապետուհին՝ Անն Հիտալկօ. իսկ երկրորդը՝ նախկին նախարար, Հօ-տը-Սէնի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեանն է: Երեկոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ բազմաթիւ ֆրանսացի պետական եւ շրջանային պաշտօնեաներ՝ ինչպէս Խորհրդարանի նախագահ՝ Գլօտ Պարթոլոն, Ֆրանսուա Ռոշըպլուան, … Հայաստանի եւ Յունաստանի դեսպանները, հայկական եկեղեցիներու համայնքապետեր… ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ՝ Ազնաւուր, Անտրէ Մանուկեան, Մաթիէօ Մատէնեան…
Որպէս հիւրընկալ եւ կնքամայր՝ Անն Հիտալկօ խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընձեռուած պատիւին համար, դրուատեց Ֆրանսահայութիւնը, եւ մայրաքաղաքի քաղաքապետուհիի իր հանգամանքով ալ յատկապէս շեշտը դրաւ Փարիզի Հայութեան՝ երկրին եւ մայրաքաղաքին ունեցած ներդրումին վրայ: Ըսաւ թէ առանց հայկական ներկայութեան Փարիզ պիտի չըլլար այն ինչ որ է այսօր, սկսելով քաղաքին ազատագրումէն, ապա նաեւ տնտեսական, գեղարուեստական եւ այլ բոլոր ոլորտներու մէջ առանց Հայերու ներգրաւումին: Քաղաքապետուհին իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ գործատուներ հիմնելու, յատկապէս թուայնացման ճարտարագիտութեան եւ գեղարուեստական արհեստագիտութեան ոլորտներուն մէջ ներդրումներ կատարելու Փարիզ Քաղաքի տրամադրութիւններուն: Ոգեկոչեց նաեւ Ցեղասպանութեան 100ամեակը, որուն առթիւ Փարիզի քաղաքապետարանը կազմակերպեց կարեւոր ցուցահանդէս մը: Նշեց, թէ այդ ձեռնարկը նաեւ դաստիարակչական էր, քանի որ մեծ թիւով դպրոցականներ այցելեցին զայն եւ այդպէսով մօտէն ծանօթացան պատմական այդ իրողութեան:
Ապա խօսք առաւ Փաթրիք Տէվէճեան, որ նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց՝ զինք 2015ի Ֆոնէթոնին կնքահայր նշանակելու կապակցութեամբ: Ողջունեց ներկաներուն մէջ գտնուող Շառլ Ազնաւուրը եւ վեր առաւ անոր՝ «100% Ֆրանսացի եմ եւ 100%՝ Հայ» խօսքը, աւելցնելով որ ինք եւս որդեգրած է այդ բանաձեւը: Անդրադարձաւ Հայկական Հիմնադրամի կատարած աշխատանքին եւ անոր կարեւորութեան, հարց տալով, որ ի՞նչ կ՚արժէ Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչել եւ հայաստանցի դպրոցականներուն դասաւանդել անոր իրողութիւնը, եթէ երկիրը պիտի պարպուի իր բնակչութենէն: Հետեւաբար, բոլոր Սփիւռքահայերուն կոչ ըրաւ զօրակցելու Հիմնադրամին եւ անոր առաքելութեան, քանի որ Հայաստան կ՚ապրի ճգնաժամային շրջան մը, կը դիմագրաւէ տնտեսական շատ մեծ դժուարութիւններ: Տէվէճեան շեշտեց, թէ ամէն ինչ պէտք է ընել, որպէսզի ժողովուրդը մնայ, ունենայ աշխատանք, գործատեղի եւ կարենայ հոգալ իր սեփական կարիքները:
Այս ելոյթներէն ետք խօսք առաւ Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Թերզեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ կոչ ըրաւ, որ Հայութիւնը շարունակէ զօրակցիլ Հիմնադրամի աշխատանքներուն: Ան յատկապէս շեշտեց թէ Հիմնադրամի ներդումները կ՚ընգրկեն այնպիսի ոլորտներ որոնք միջազգային կազմակերպութիւններն ու դրամատուները չեն կրնար կամ չեն ընդունիր ապահովել։ Աւելցուց, թէ երեք տարիէ ի վեր Հիմնադրամը կ՚օգնէ նաեւ սուրիահայութեան։
Ան եզրակացուց ընգծելով Հայաստանի եւ Արցախի կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եւրոպական մշակութային արժէքներու իբրեւ պաշտպան-պահապան։ Կարեւոր յիշեցում մը պետական մարդոց, որոնք յաճախ կ՚անգիտանան պատմութիւնը։ Բայց կարեւոր յիշեցում մը նաեւ ֆրանսահայութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան այն հատուածին որոնց համար հայկականութիւնը կը սահմանուի կա՛մ Ցեղասպանութեամբ եւ կա՛մ հայաստանանպաստ հիմնադրամներու տարեկան դրամական նուիրատւութեամբ։
Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի դեսպանը, որ հաւաստեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւրոպական արժէքներու փարումը։
Անտրէ Մանուկեան սուրիահայ հրաւիրեալ երգչուհիի մը ընկերակցութեամբ փակեց երեկոյթը։
Նշենք, որ այս տարի Ֆոնէթոնը տեղի կ՚ունենայ Նոյեմբեր 18էն 22: