Հալէպի Զանազան Համալսարաններէն Շրջանաւարտ Դարձան 80 Ուսանողներ

Փետրուար 28-ին Սուրիոյ Հայ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ 80 շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը:

Միութեան 46-րդ հունձքը հանդիսականներուն ներկայացուց հիանալի գեղարուեստական յայտագիր մը՝ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով, որ կ՛ընդգրկէր՝ երգ, պար, ասմունք եւ նուագ, բոլորն ալ իւրայատուկ ոճով ու տպաւորիչ առոգանութեամբ հանդէս եկան։  Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»-ը։

Scroll Up