Հալէպի Հայ Ծերանոցը Արժանավայել Կերպով Նշեց Մայրերու Օրը

17 Մարտ 2016-ի, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին Հայ Ծերանոցի՝ այժմու «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցին սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Ծերանոցի Մայրերու Օրուան տօնականտարութիւն:
Ձեռնարկը կազմակերպած էր Հայ Ծերանոցի Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբը: Ներկայ էին գաղութիս բոլոր եկեղեցական, բարեսիրական, միութիւններու ներկայացուցիչները:
Բեմավարուհի տիկ. Սալբի Պէրպէրեան-Պօզեագալեան բարի գալուստ մաղթելով բացման խօսքի համար հրաւիրեց Հայ Ծերանոցի Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի ատենապետուհի տիկ. Մարալ Ժամկոչեան-Ազարիկեանը:
Տիկ. Մարալ երախտագիտական խօսքեր արտասանելէ ետք ընթերցեց յատուկ Մայրերու տօնին դիպուկ իմաստալից ստորեւ տրուած տողերը, զոր կը ներկայացնենք յապաւումով.-
«Երկինքի մէջ հոգի մը կար, որ ծնելու պատրաստ էր: Օր մը այդ փոքրիկ հոգին հարցուց Աստուծոյ.-
«Կ’ըսեն թէ զիս երկիր պիտի ղրկես, բայց ես փոքր եմ եւ անօգնական, ինչպէ՞ս պիտի ապրիմ հոն:
Աստուած պատասխանեց.- «Հրեշտակներու խումբէն մէկը ընտրած եմ, որ քեզի հոգ տանի:
«Բայց Տէր իմ.- ըսաւ փոքրիկ հոգին, ես հոս կ’երգեմ կը ժպտամ եւ միշտ ուրախ եմ
«Քու հրեշտակդ ալ ամէն օր պիտի երգէ ու ժպտայ քեզի, անոր սէրը պիտի վայլես եւ շատ ուրախ պիտի ըլլաս», պատասխանեց Աստուած:…»
Ապա, շարունակելով, ըսաւ.- «Պզտիկ հոգին հարցուց մեղմ ձայնով.- «Աստուած իմ, հիմա որ պիտի մեկնիմ երկիր, խնդրեմ ըսէ ինծի հրեշտակիս անունը:
«Քու հրեշտակիդ անունը կարեւոր չէ, զաւակս», պատասխանեց Աստուած ժպիտով, «քանի զինք «ՄԱՅՐ» պիտի կոչես»:
Բացման խօսքէն ետք հրաւիրուեցաւ Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան Ատենապետուհի տիկ. Աննա Տէր Յակոբեանը: Ան Հանգամանօրէն ներկայացուց Ծերանոցի վերջին շրջանի գործունէութիւնը, Տիկնանցի համալրուած կազմը, Հայ Ծերանոցի աւանդութիւն դարձած սակայն վերջին տարիներուն անցեալի տարողութեամբ չկազմակերպուած Մայրերու Օրուան տօնականտարութիւնը եւ այլն:
Այնուհետեւ, ան շնորհակալական ջերմ խօսքեր ուղղեց գաղութիս մէջ գործող բոլոր ազգանուէր անձերուն եւ միութիւններուն, իսկ որդիական երախտագիտութեան յատուկ խօսք Հայ երեք համայնքապետերուն, որոնք իրենց հովանաւուրութեան տակ առած են այս հաստատութիւնը: Տիկ. Աննա շնորհակալութիւն յայտնելով Ծերանոցի տնօրէնին, պաշտօնէութեան փակեց իր խօսքերը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հայ Ծերանոցի տնօրէն Տիար Աւօ Գաթրճեանը, որ հակիրճ կերպով տեղեկութիւն փոխանցէ Ծերանոցի գործունէութեան եւ տայ իր սրտի խօսքը:
Յարգելի տնօրէնը յաջորդական կերպով ներկայացուց վերջին շրջանին Ծերանոցի՝ «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցէն ներս տեղի ունեցած բարեկարգումները, նորոգութիւնները եւ տարուած բծախնդիր մօտեցումը տարէցներու հանդէպ:
Ան, վեր առաւ մօր դերը մեր կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Մայրերու Տօնին զուգադիպող ուսուցչական տօնը եւս: Աւելցնելով, ան ըսաւ. «Հայ երեք համայնքապետերուն հովանաւուրութիւնը վայելող այս հաստատութիւնը Հայ Ազգը կը ներկայացնէ անխտիր»:
Այնուհետեւ, տնօրէնը խօսքը ուղղելով ներկաներուն, աւելցուց. «Դուք Հալէպի եկեղեցական, բարեսիրական, միութենական եւ այլ հաստատութիւններու տիկնանցի անդամներ եւ ներկայացուցիչներ, մէկ խօսքով Հալէպահայ մայրեր, դուք նուիրեալներ ու ծառայասէր զոհուողներ, ձեր նուիրական աշխատանքով կանգուն կը պահէք այս մարդասիրական եւ ծառայութիւն պահանջող հաստատութիւնը, փառք ու պատիւ ձեզի:
Ապա, Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան փոխատենապետո պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան աղօթքով օրհնեց ներկաներն ու ճաշը եւ Մայրերու Տօնը շնորհաւորեց եւ բարի մաղթանքներ խնդրեց Աստուծմէ:
Այնուհետեւ, ընթացք առաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Նախ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Շուշի» մանկապատանեկան պարարուեստի դպրոցի սաները, որ քանի մը պարով ճոխացուցին ձեռնարկը: Ապա տիկին Մարալ Պերեճիքլեան տպաւորիչ առոգանութեամբ մեկնաբանեց Աւետիք Իսահակեանի «Մօր սիրտը» բանաստեղծութիւնը:
Հանրածանօթ երգիչ Մինաս Փալանճեանը մերթ յուզիչ մերթ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց մեկնաբանելով քնարական, աշուղական եւ հայրենասիրական երգեր, ստեղնաշարային գործիքով կ’ընկերակցէր բժշկ. Րաֆֆի Ապէճեան:
Մայրերու Տօնին առիթով տեղի ունեցած հացկերոյթի ջերմ եւ հայաշունչ մթնոլորտը՝ մերթ յուզիչ, մերթ ուրախ յաճախ կ՛ընդհատուէր՝ Հալէպի այս դժուար պայմաններուն մէջ անգամ մեր նուիրեալ, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ գթասիրտ ու արատաձեռն զոհաբերողներու նուիրատուութիւնները Հայ Ծերանոցին յայտարարուելու համար:
Նշենք, թէ ձեռնարկին բաժնուեցան յատուկ պրոշիւրներ «Մայրերու Օր»ուան խորհուրդը ներկայացնող:
Սուրիական պատերազմական այս դուժուար եւ տագնապալից օրերուն կազմակերպուած ձեռնարկ մը, որ ոչ միայն ողջունելի քայլ է այլեւ պատգամ մը ուղղուած հայ սերունդներուն, մայրերուն, բարերարներուն եւ նուիրատուներուն նոյնիսկ հերաւոր ափերուն:

Այս մասին կը յայտնէ PERIO NEWS

մայրերու օր մայրերու օր1 մայրերու օր2 մայրերու օր3 մայրերու օր4 մայրերու օր5 մայրերու օր7

Scroll Up