ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐԸ «ԱՅՈ» ԸՍԻՆ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Առաջին անգամ ըլլալով Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերը, Պ. Այրէս և ՄօնթԷվիտէօ, ծրագրեցին և կազմակերպեցին ընկերային ճաշկերոյթ հաւաք մը, նպատակ ունենալով ձեռնարկի հասոյթը տրամադրել Սուրիահայութեան զանազան կարիքներուն:

Ամիսներու վրայ երկարող գործը յաջողութեամբ պսակուեցաւ երբ, 8 Յունուար 2014 Ուրուկուայի յայտնի ամարանոց Փունթա ՏԷլ ԷսթԷյի Գոնրաա պանդոկի շքեղ սրահներԷն մԷկուն մԷջ ընթացք առաւ բարեսիրական ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ մեր շրջանի երէք երկիրներու Արժանթին, Ուրուկուայ և Պրազիլիոյ հայաշատ գաղութներԷն հրաւիրեալներ, որոնք իրենց արձակորդը  կանցընեն վերը նշուած ամարանոցի մէջ:

Ձեռնարկին իրենց ամբողջական աջակցութիւնը ցուցաբերեցին ՀՀ դեսպան Պր.Վահագն Մելիքեանը և Ուրուկուահայ թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ Արք. Գըլնճեանը, որոնք ներկայ գտնուեցան և իրենց պատգամը փոխանցեցին:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մԷջ ընդգծեց այն հանգամանքը՝ ըսելով, թԷ հակառակ անոր, որ Հայ դատի յանձնախումբերու գլխաւոր աշխատանքը քաղաքական ոլորտն է, սակայն նման նախաձեռնութիւն մը իրենց կողմէ ոչ միայն գովելի և քաջալերելի է, այլ և նոր էջ մը կը բանայ մեր շրջանին մէջ, նպատակ ունենալով Հայ դատի ծիրԷն ներս նաև օգտակար հանդիսանալու Սուրիահայ ճգնաժամ ապրող մեր զաւակներուն աջակցութեան ձեռք երկարելու ազգանուէր աշխատանքին:

ՀՀ դեսպան Պր. Վահագն Մելիքեանն ալ իր կարգին շեշտը դրաւ միասնական աշխատանք ծաւալելու կարեւորութեան՝ յատկապէս Հայ դատի յանձնախումբերու այս առաջին և անհրաժեշտ ճիգը նկատելով իբրև սկիզբ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին կատարուելիք նման նախաձեռնութիւններուն, որոնց իրականացումին համար իր անվերապահ զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը խօստացաւ ներդնել:

Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհուրդի վարիչ տնօրէն ընկ. Յակոբ Թապագեանը իր խօսքին մէջ ծանրացաւ նման ձեռնարկները աւանդական դարձնելու և զանոնք ծառայեցնելու Հայ դատի աշխատանքներուն, սատար հանդիսանալու կարևորութեան, քանի որ մեծ մարտահրաւէրներու դէմ հանդիման կը գտնուինք, յատկապէս այս վերջին երկու տարիներուն թուրք- ազերի հակահայ ծաւալուն աշխատանքի դիմաց մեր շրջանին մէջ, փորձելով իրենց նիւթական հզօր աղբիւրները օգտագործելով, քաղաքական գործիչներ սիրաշահիլ և մեր աշխատանքները խոչընդոտել:

Բարեսիրական ճաշկերոյթի ընթացքին լայն պաստարի վրայ ցուցադրուեցաւ Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի հայութեան ծանր պայմաններու տակ գտնւող ներկայ իրավիճակը։

Նաև գործադրուեցաւ գեղարուեստական բաժին, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին Ուրուկուայի ազգային “ՍՕՏՐԷ” թատրոնի մեներգիչներէն՝ Յակոբ Պոյաճեանը, քէմանչահար Նժդեհ Պոյաճեան և դաշնակահար տիար Ալէխանտրօ Սարգիսեանը, որոնք տարբեր երանգ մը տուին այս կարևոր ձեռնարկին։

Կարօ Հէքիմեան

ՄօթէվիտէօՈւրուկուայ

Scroll Up