Սփիւռքի Նախարարութիւնը Եւ Հայ Ոսկերիչներու Հիմնադրամը Կը Յայտարարեն Կրթական Դրամաշնորհային Մրցոյթ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Հայ ոսկերիչներու հիմնադրամին (AJF) հետ համատեղ որոշած է կրթաթոշակ շնորհել հինգ հայ ուսանողներու` «Ադամանդի դասակարգին մէջ» մասնագիտութեամբ ուսանելու նպատակով:

2015թ. աշնան իրականացուող այս դասընթացի ծիրէն ներս Հայ ոսկերիչներու հիմնադրամին պիտի աջակցի Հայկական թանկարժէք քարերու գործանոցի-ակադեմիան (AGLA): Դասընթացը պիտի մեկնարկէ 2015թ. Սեպտեմբերին եւ պիտի ներառէ ադամանդի ուսումնասիրութեան բոլոր ուղղութիւնները:

Աւարտական քննութիւնները յաջողութեամբ յանձնելու պարագային շրջանաւարտները կը դառնան ադամանդի դասակարգման հաւաստագրուած  փորձագէտներ, ինչ որ թոյլ կու տայ անոնց շարունակելու գործունէութիւնը ոսկերչութեան եւ ադամանդագործութեան ոլորտին մէջ:

Դիմորդները պէտք է ըլլան հայ` առաջին կամ երկրորդ սերունդէն, նուիրուած ըլլան հայկական աւանդոյթներուն եւ սովորոյթներուն եւ հաւատարիմ մնան իրենց ժառանգութեան:

Փափաքողները պէտք է բաւարարեն AGLA-ի ընդունելութեան պահանջները: Անոնք պէտք է ներկայացնեն լրացուած յայտը, երաշխաւորող նամակ ու  ինքնակենսագրութիւն, եւ ուղարկեն այն Սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան europedep@yahoo.fr էլ. հասցէին:    Ուսուցումը, ինչպէս եւ ուսումնական ձեռնարկները հայերէն լեզուով են, ուստի հայերէնի իմացութիւնը պարտադիր է: Նախընտրելի է, որ դիմորդները ունենան ֆիզիքայի եւ քիմիայի տարրական գիտելիքներ: Տեսական դասաժամերը պիտի սկսին 18:00-ին, իսկ գործնական դասընթացները պիտի ընթանան ազատ ցուցակով: Դասընթացները ամէն օր են, բացի շաբաթ, կիրակի եւ տօնական օրերէն:

Յայտերու ու լրացուած փաստաթուղթերու յանձման վերջնաժամկէտը 2015թ. Օգոստոս 30: Յայտի ձեւն ու պահանջները առկայ են առցանց, ինչպէս նաեւ կրնան ներկայացուիլ AJF-ի միջոցով: Առաջնութիւնը պիտի տրուի արժանի դիմորդներուն հետեւեալ համայնքներէն.

  1. Երեւան,
  2. ՀՀ մարզեր,
  3. Արցախ,
  4. Հայաստան բռնագաղթուած սուրիահայ համայնք,
  5. Սփիւռքահայ համայնքներ:

Ուսումնական ծրագիրին մէջ ներառուած են`

  1. Ադամանդի բնոյթն ու ադամանդագործներու չգրուած օրէնքները,
  2. Ալմաստներու ֆիզիքա,
  3. Ալմաստներու ֆիզիքական բնութագրերը,
  4. Ալմաստներու բիւրեղաբանական համաչափութիւնը,
  5. Ալմաստներու տեսողականը |օպտիկան|,
  6. Ալմաստներու գոյնն ու ատոր բնոյթը,
  7. Ալմաստներու համադրութիւնը (HPHT, CVD),
  8. Ալմաստներու կազմաւորումն ու հանքաարդիւնահանումը,
  9. Անմշակ ալմաստներու տեխնոլոկիական հանքաբանութիւնն ու դասակարգումը,
  10. Ադամանդի դասակարգումը,
  11. Արհեստական եւ ազնուացուած ադամանդներ:

AGLA կը գտնուի Հիւսիսային պողոտայի բիզնես կեդրոնի 9-րդ յարկին մէջ` Հիւսիսային պողոտայ 1/31, Երեւան, Հայաստան, հեռ. (37410) 50-14-33:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններ ստանալու համար կը խնդրենք դիմել Սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութիւն հետեւեալ էլ. փոստով europedep@yahoo.fr կամ զանգահարել  (37410) 58 56 01 (112) հեռախօսահամարով:

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Scroll Up