ՀՀ ԱԳՆ` Էրտողանին. Անհնար Է Փակել Ներսէն Կղպուած Դուռը

Անհնար է փակել դուռը, որ ներսէն կղպուած է: Այս մասին յայտարարած է ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան` NEWS.am-ի թղթակիցի խնդրանքով մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիճ Էրտողանի յայտարարութիւնը:

Աւելի առաջ յայտնի  դարձած էր, որ պաշտօնական այցով Գոլումպիա ժամանած

Էրտողան յայտարարած էր, թէ «Հայաստանը փակած է խաղաղութեան դուռը»:

«Մենք գիտենք, որ հայկական սփիւռքը հակաթրքական քարոզչութիւն կը տանի: Մենք ջանքեր կը գործադրենք նոր էջ բանալու համար, սակայն, դժբախտաբար, մեր մեկնած ձեռքը օդին մէջ մնացած է: Մենք ըսինք` եկէք 100-ամեակի նախաշեմին հանենք այդ հարցը քաղաքական օրակարգէն եւ տեղափոխենք գիտական հարթակ: Ապրիլ 24-ին մենք հրաւիրեցինք Չանաքալ», սակայն Հայաստան փակեց խաղաղութեան դուռը»,- յայտարարած էր Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Տարտանելի պատերազմական գործողութիւններու (Չանաքքալէի ճակատամարտ) 100-ամեակին առիթով պետականօրէն կազմակերպելիք ձեռնարկներուն, ի թիւս աշխարհի այլ երկիրներու  նախագահներու, հրաւիրած էր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Կը նշուի, որ Անգարան կը պատրաստուի 2015-ի Ապրիլ 23-24 հիւրընկալելու 102 երկրի նախագահի կամ վարչապետի, որոնց ուղարկուած են մասնակցութեան հրաւէրներ:

Նոյն օրը ՀՀ նախագահը պատասխանած է հրաւէրին մերժումով:

ՀՀ նախագահի պատասխան նամակին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Թուրքիան շարունակում է ժխտողականութեան իր աւանդական քաղաքականութիւնը եւ տարեցտարի «կատարելագործելով» պատմութեան աղճատման իր գործիքակազմը` Կալիպոլիի մարտերի հարիւրամեակն այս տարի առաջին անգամ նշում է Ապրիլի 24-ին, այն դէպքում, երբ դրանք սկսուել են 1915 թուականի Մարտի 18-ին եւ շարունակուել մինչեւ 1916 թուականի Յունուարի վերջը, իսկ դաշնակիցների ափհանման օպերացիան` Կալիպոլիի ցամաքային մարտերը սկսուել են Ապրիլի 25-ին:

«Ի՞նչ նպատակ է սա հետապնդում, եթէ ոչ համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի միջոցառումներից շեղելու պարզունակ նպատակ: Մինչդեռ, մինչեւ յիշատակի    միջոցառում     նախաձեռնելը,    Թուրքիան     շատ աւելի կարեւոր պարտականութիւն ունէր սեփական ժողովրդի եւ ամբողջ մարդկութեան հանդէպ, այն է` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը:

Յետգրութեամբ Սերժ Սարգսեան շեշտած է, որ դեռեւս  քանի մը ամիս առաջ Թուրքիոյ նախագահին հրաւիրած է Երեւան` 2015 թուականի Ապրիլ 24-ին միասին յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակը. «Մեզ մօտ ընդունուած չէ հիւրընկալուել հրաւիրուողին` առանց սեփական հրաւէրի պատասխանը ստանալու»:

 

Scroll Up