Պասկերու խորհրդարանը դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ կոչ ըրած ճանչնալու զայն

Պասկերու խորհրդարանը դատապարտած է Հայոց «սարսափելի» Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիայէն պահանջած՝ ճանչնալ զայն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած է «հաշտութիւն հաստատել երկու երկիրներուն միջեւ` ընդհանուր պատմութեան հիմունքով»:

«Հայոց  Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ, երբ Օսմանեան կասրութիւնը հրահանգեց տեղահանել հարիւրաւոր հայեր եւ արտաքսել զանգուածային երթով»։

Վկայակոչելով սպանական Abc.es պարբերականը՝ Artsakhpress.am կը հաղորդէ, թէ Պասկեան խորհրդարանի` երէկ  կայացած  լիագումար  նիստի աւարտին  ելոյթ ունեցած է Պալատի նախագահ տիկին Պագարդխօ Դեճերիան` ներկայացնելով պաշտօնական յայտարարութիւնը, որուն միջոցով «իր յարգանքն ու համերաշխութիւնը կը յայտնէ զոհերու ընտանիքներուն», որոնք այսօր դեռ կը տառապին կոտորածներու հետեւանքներուն պատճառով:

Յայտարարութեան մէջ կը յիշատակուի, որ «հակառակ բազմաթիւ խնդրանքներու եւ կոչերու` Թուրքիոյ կառավարութիւնը  պաշտօնապէս չէ ճանչցած այս պատմական  ոճրագործութիւնը, որ համակարգուած իրականացուած է իբրեւ Ցեղասպանութիւն»:

Խորհրդարանը կոչ ուղղած է «թափանցիկ եւ անկեղծ երկխօսութիւն» սկսիլ թուրքերու եւ հայերու միջեւ «միասնական ապագայ կառուցելու համար, որ թոյլ պիտի տայ փակելու  պատմութեան այս ողբերգական գլուխը», որուն համար կարեւոր է հասկնալը, ճանաչումն ու արդարութիւնը:

Scroll Up