Սարգիս Շահինեան. «Կը ցանկամ աւելի զգոյշ ըլլալ, իսկ յոռետես ըլլալու իրաւունք չունիմ»

Յունուար 28-ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ լսուեցաւ «Փէրինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ գործը»: Եւրոպական դատարանը գործի առնչութեամբ վճիռ պիտի կայացնէ 6­-8 ամիսներուն ընթացքին:

Այս հարցին շուրջ «Հայերն այսօրը» զրուցած է «Զուիցերիա-Հայաստան» ընկերակցութեան նախագահ Սարգիս Շահինեանի հետ, որ նոյնպէս ներկայ եղած է գործի քննութեան ժամանակ:

Իսկ «Զուիցերիա-Հայաստան» ընկերակցութիւնը այն ութ ոչ պետական կազմակերպութիւններէն մէկն է, որ իր գրաւոր տեսակէտը ներկայացուցած է ՄԻԵԴ-ին:

– Պարո´ն Շահինեան, կը ցանկայի, որ պատմէք Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ «Փէրինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ գործի» լսումէն ստացած Ձեր տպաւորութիւններուն մասին:

– Յունուար 28-ի լսումը հնարաւորութիւն տուաւ բացատրելու, որ հայերու, հրեաներու եւ այլ ժողովուրդներու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւններու ժխտողականութեան միջեւ խտրականութիւն դնելը` դէմ է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքին:

Նաեւ աշխարհի ուշադրութեան ներկայացուեցաւ Մեծ եղեռնի իրողութիւնը, ինչն այդքան փութաջանօրէն Թուրքիան կը փորձէր կանխել:

Լսումը նաեւ բացայայտեց Փէրինչէքի եւ Թուրքիոյ նոր ռազմավարութիւնը` ոչ թէ ժխտել Կոտորածը, այլ մերժել միայն «ցեղասպանութիւն» բառի իրաւական սահմանումը` այն քաղաքական եւ պատմական բանավէճի դաշտի վերածելով, որ խելացի եւ ընթացքային բնոյթ կրեց մինչեւ Փէրինչէքի վերջին արտայայտութիւնները, որոնք բացայայտեցին անոր եւ Թուրքիոյ հագած դիմակը եւ ցոյց տուին հայատեացութեան ընթացքը: Խօսքը Թալէաթի պաշտանմունքին վերաբերող խօսքերու մասին է:

Զուիցերական կողմը խելացի գտնուեցաւ` հակազդելով այս ընթացքին: Վերջինիս մօտեցումը միշտ հիմնուած էր փաստերու (օրինակ` Յուլիս 23-ի գիշերը Փէրինչիքի հարցաքննութիւնը զուիցերական Վինթերթուր քաղաքի դատախազի կողմէ) եւ իր երկրի որդեգրած իրաւական որոշումներուն վրայ:

Զուիցերիան պաշտպանեց իր երկրի իրաւունքը, օրէնքները իր տարածքին մէջ կիրառելու որոշումը եւ փաստեց, թէ այդ ամէնը հաշուի առնելով այլ բան չէր մնար, քան Փէրինչէքի ըսածները որակել իբրեւ ցեղատիացական բնոյթ կրող միտում: Սակայն  յարձակողական չեղաւ: Նոյնիսկ այն տպաւորութիւնը կարելի էր ստանալ, որ Զուիցերիան շատ ցած պատկերով կը ցանկար ինքզինքը ներկայացնել, որոշ դրուագներու մէջ անգամ համոզիչ չէր: Օրինակ` հէնց ան յիշեցուց դատարանին, որ առաջին անգամ չէ, որ Զուիցերիան մտքի ազատ արտայայտութեան ոլորտին մէջ կը դատուի:

Մթնոլորտը լարուած էր ինչպէս ներսը, այնպէս ալ դուրսը:  Եւրոպայի հիւսիսային երկիրներէն, յատկապէս` Պելճիգայէն, Հոլանտայէն եւ Գերմանիայէն մօտ 600 մարդ  եկած էր, որոնք հրահրուած էին ժխտողական ուժերէ: Եկած էին նաեւ Ֆրանսայէն եւ Զուիցերիայէն: Անոնց մօտ թրքական դրօշներէն բացի կային շատ ատրպէյճանական, նաեւ ույղուրական, նոյնիսկ փաքիսթանական դրօշներ:

Դատարանի բակին մէջ  հաւաքուած էին նաեւ Էլզասի հայկական համայնքէն 50-60 խիզախ ու վճռական երիտասարդներ:

Դատարանին մէջ ներկայ էին 40-50 թղթակիցներ, միայն 15-էն աւելի` Զուիցերիայէն: Աւելի շատ հեռուստաընկերութիւններ ներգրաւուած էին, ներառեալ` 5 հայաստանեան:

Հայաստանեան տպագիր մամուլը ներկայացուած էր միայն «Ազգ» շաբաթաթերթի թղթակցուհիի միջոցով, որ, սակայն, Գերմանիոյ մէջ կ’ապրի:

Կ’ուզեմ նշել նաեւ, որ համահայկական թերթերէն ոեւէ ներկայացուցիչ չկար: Ներկայ էր միայն «Les Nouvelles d’Armռnie» ամսաթերթի տնօրէնը, որ միեւնոյն ժամանակ Ֆրանսայի համայնքի հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համանախագահն է:

Թրքական կողմը պետական ամենաբարձր մակարդակով  ներկայացած էր: Սթրասպուրկ  ժամանած էին մեծ թիւով պատգամաւորներ, նախկին նախարարներ, Սահմանադրական խորհուրդի պատուիրակութիւնը, գործարարներ:

Ի միջի այլոց, բոլորս իջեւանած էինք միեւնոյն հիւրանոցին մէջ: Կը նստէինք, կը նախաճաշէինք միասին, որուն ընթացքին կարելի եղաւ լսել հայերէն եւ թրքերէն խօսք: Շատ անգամ ցանկութիւն յառաջացաւ մօտենալու ու խօսելու, փորձելու հասկնալ, թէ այս ամէնը  օր մը կրնա՞յ  վերջ ունենալ: Սակայն հասկցայ, որ դժուար է: Անոնց մէջ բաւականին պատրաստուած երիտասարդներ կային, որոնք իրենց երկրի պետական քաղաքականութեան պատճառով կուրացած էին եւ շատ վճռական:

 

– Հայաստան ներկայացնող պատուիրակներու ելոյթները ինչպէ՞ս ընդունուեցան:

– Հայկական կողմի (մինչեւ Հոկտեմբեր 16 Մեծ պալատին ուղղուած), ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ դիրքորոշումը սատարող գրաւոր մասնակցութիւնները շատ բարձր իրաւական որակ ունէին:

Յունուար 28-ին Հայաստանի կողմէ ընտրուած երկու միջազգային պաշտպաններու ելոյթները շատ հզօր ձեւով բուն պատմական իրողութիւնը եւ Փէրինչէքի իրական դէմքը ներկայացնելու նպատակ ունեցան:

Ճեֆրի Ռոպերթսոնի ելոյթը հռետորական շատ բարձր մակարդակ ունէր: Ամալ Քլունիի ելոյթն իր մէջ շատ յստակ բովանդակութիւն կը պարունակէր: Սակայն իրաւական դաշտը լուսաբանող ներդրումը (այսինքն ժխտողականութեան հակազդող փաստեր) այլ սրութեան կարիք ունէին, ինչ որ Զուիցերիոյ  կողմէ միայն մասամբ կարելի եղաւ ծածկել:

– Արդեօք ճի՞շդ էր այն մարտավարութիւնը, որ ընտրած էին հայկական կողմի պատուիրակները:

– Իրաւական գետնի վրայ` այո: Բայց ոչ մամուլի հետ կապուած վերաբերմունքը: Երբ պատերազմ  կ’երթաս եւ զինանոցին մէջ կ’ընդգրկես այդ տեսակ տրամաչափի զէնքներ (Ռոպերթսոն-Քլունի), որոնք ունին համաշխարհային համբաւ ու թռիչք, իսկ լսումը կը կատարուի Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի «մարտադաշտին մէջ», հարկաւոր էր, որ այդ զէնքերը լրիւ ու ճիշդ գործածուէին` մեր հակառակորդին դժուար կացութեան մէջ դնելու իմաստով (խօսքը մամուլի լուսաբանութեան կը վերաբերի):

Ներկայ 40-50 թղթակիցներու բացարձակ մեծամասնութիւնը «շարժեցան», քանի որ ներկայ էր Ամալ Քլունին: Խնդրեմ, աշխարհի մամուլը մեր առջեւ «ծունկի»  եկած էր: Ինչու՞ հայկական կողմը լսումէն անմիջապէս յետոյ ասուլիսի չհրաւիրեց: Սա մեր կարեւորագոյն մարտերէն մէկն էր եւ այս առիթը կորսնցնելու իրաւունք չունէինք: Այս մասին խօսեցայ նաեւ ՀՀ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի հետ:

– Դատավարութիւնը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ միջազգային մամուլին մէջ: Ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այն եւրոպական հասարակութեան վրայ:

 

– Շատ մեծ, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան հոլովոյթը մէկ անգամ եւս դարձաւ համաշխարհային, անվճռելի իրողութիւն: Ստացաւ արձագանք, ճանաչողութիւն, սակայն կրնար ունենալ շատ աւելի մեծ համաշխարհային հնչեղութիւն, վերը նշուած առիթները օգտագործելու պարագային:

– Զուիցերիոյ մէջ ինչպիսի՞ արձագանք ունեցաւ:

– «NZZ»-ի եւ «Le Temps»-ի թղթակիցները որոշեցին պաշտպանել մտքի արտայայտութեան բացարձակ ազատութեան սկզբունքը, բաւականին մակերեսային ձեւով մօտենալով ստոյգ իրողութեան (Փէրինչէքին): «Tages Anzeiger»-ը, «Basler Zeitung»-ը, «Corriere del Ticino-ն», «24-Heures»-ը, «La Libertռ»-ը եւ «La Tribune de Genռve»-ն առաւել հակաժխտողական դիրք որոշեցին որդեգրել: Նոյն տեսանկիւնէն լուսաբանեցին նաեւ ռատիոն եւ հեռուստատեսութիւնը: Ընդհանուր առմամբ կրնամ ըսել` յարաբերակցութիւնը 40-60 է:

–  Ինչպիսի՞ վճիռ կարելի է ակնկալել:

 

– Լսումը թոյլ էր: Գրաւոր մասնակցութիւնները (որոնք կը յանձնուին 17 դատաւորներուն անոնց նշանակութեան ժամանակ)` ուժեղ: Կրնամ ըսել, որ հնարաւորութիւնները` յիսուն-յիսուն են: Մեզի համար առաւել նպաստաւոր է Զուիցերիոյ պաշտպաններու որակումը:

Կը ցանկամ աւելի զգոյշ ըլլալ, իսկ յոռետես ըլլալու իրաւունք չունիմ:

Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան

 

Scroll Up