Տաւուշի Մէջ Հակառակորդին Կողմէ Ներթափանցման Փորձերու Արդիւնքով Հայկական Կողմը Ունի 2 Զոհ Եւ Վիրաւորներ

Հակառակորդը շարունակելով սահմանային իրավիճակի ապակայունացնող գործողութիւնները, ՀՀ եւ ԼՂՀ ողջ սահմանի տարբեր հատուածներու մէջ կը շարունակէ ներթափանցման եւ յարձակումներու մարտավարութիւնը: Tert.am-ի հաղորդմամբ` այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրառում  կատարած է ՀՀ ՊՆ  մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ատրպէյճանական զինուած ուժերը հաշուի չնստելով իրենց մեծաթիւ կորուստներու հետ, որոնք ուղղակի կոպտօրէն կը թաքցնեն, կը շարունակեն մարտավարապէս անիմաստ ներթափանցումներ իրականացնել: Գիշերուան ընթացքին խախտումներու ընդհանուր թիւը կ’անցնի 300-ը:

Այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ի սահմաններուն ատրպէյճանական բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները յարձակում  իրականցուցած են նաեւ Տաւուշի մարզի Բերդի տարածաշրջանի քանի մը մարտական դիրքերու ուղղութեամբ:

Հայկական բանակի համապատասխան ստորաբաժանումներու կողմէ ժամանակին յայտնաբերելով մարտ սկսած է, որ տեւած է շուրջ կէս ժամ: Հակառակորդը կորուստներ կրելով եւ մարտական խնդիրը չկատարելով ետ  քաշուած է, սակայն, ցաւօք, հայկական կողմն ունի երկու զոհ եւ վիրաւորներ: Զոհուած են սպայ Կարէն Արարատի Գալստեան եւ շարքային Արտակ Վաղարշակի Սարգսեան:

ՀՀ ՊՆ-ը կը կիսէ մեր շարքերէն հեռացած զինծառայողներու կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ անոնց ընտանիքներուն ու հարազատներուն: Լարուածութեան ողջ պատասխանատուութիւնը ու հետեւանքները կը մնան Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան խղճին:

Յիշեցնենք, որ երէկ հայկական Զինուած ուժերը  24-ժամուան կանխարգելիչ գործողութիւններ   իրականացուցած են ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ: Ատրպէյճանական կողմը, ըստ տեղեկութիւններու, ունի 3 զոհ, հայկական կողմէն զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:

Յիշեցնենք նաեւ, որ աւելի վաղ ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկութիւն  տարածած էր, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը լիովին կասեցուցած է սեփական Զինուած ուժերուն վերաբերող որեւէ բացասական տեղեկատուութեան հրապարակումը, մէջը ըլլալով` սահմանային բախումներու ժամանակ արձանագրուած զոհերուն:

 

Scroll Up