Հայ Ռազմագերի Յակոբ Ինճիղուլեանը Հայրենիք Վերադարձաւ (տեսանիւթեր)
Ատրպէյճանի մէջ 2013-ի Օգոստոս 8-ին գերեվարուած հայ ռազմագերի Յակոբ Ինճիղուլեանը երրորդ երկրէն երէկ գիշեր վերադարձաւ հայրենիք: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը:
Երեւանի “Զուարթնոց” օդակայանին մէջ դրօշներով ու ծաղիկներով անոր դիմաւորելու գացած էին ընտանիքի անդամները, ընկերները, համագիւղացիները: Օդակայանի սպասասրահ Յակոբը մտած է վազելով ու թռչկոտելով եւ անմիջապէս նետուած է հարազատներուն գիրկը:
Այնուհետեւ Յակոբ Ինճիղուլեանը պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն եւ ընդգծած, որ ինքը գերեվարուելու օրը մոլորուելով հատած էր սահմանը: Ան նաեւ նշած է, որ ինքը պիտի շարունակէ ծառայութիւնը, քանի որ հայրենիքի նկատմամբ պարտքը ամբողջութեամբ չէ յանձնած. դեռ 9 ամիս պէտք է ծառայէ:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչպէս վերաբերած են իր հետ Ատրպէյճանի մէջ եւ ատրպէյճանական հեռուստատեսութեամբ ցուցադրուած ռեփորթաժներու ո՞ր մասը կը համապատասխանէ իրականութեան, Ինճիղուլեան ըսած է, որ չ’ուզեր այդ թեմայով խօսիլ, քանի որ իրեն համար շատ դժուար եղած է, բայց ժամանակի ընթացքին կրցած է գերութեան մէջ ապրիլ:
“Այո՛, ինձ ծեծել են ու հայհոյել: Ասել են մեր ասածով չանես, մեր ասածով չշարժուես, էն չօբանի օրը կ’ընկնես: Սպառնում էին գնդակահարել: Հարցազրոյցները ճնշումների ներքոյ էին, հարցազրոյցից առաջ կանչում էին ու ասում էին ինչ պէտք ա խօսամ: Կարմիր խաչի այցելութիւնից առաջ էլ էին կանչում ասում, թէ ինչ պէտք ա խօսամ, իմ նամակները ընթերցում էին … Նամակներից բովանդակութիւնն իրենք ասում էին, ես արդէն իմանում էի` ինչ պէտք ա գրեմ”,– պատմած է ան:
Ան նաեւ նշած է, թէ հիմա իրեն լաւ կը զգայ, յատկապէս հոգեպէս: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է միջազգային կազմակերպութիւններուն` զինք գերութենէ ազատելու համար:
Յակոբ Ինճիղուլեան ընդգծած է, որ ինքնակամ որոշած է վերադառնալ Հայաստան, իսկ միջազգային կազմակերպութիւնները աջակցած են: Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչու անմիջապէս հայրենիք չէ վերադարձած, այլ մեկնած է երրորդ երկիր, Ինճիղուլեան ըսած է,- “Ատրպէյճանական ղեկավարութիւնն է ասել, որ պէտք է գնաս երրորդ երկիր, եթէ փորձես փախչել գերութիւնից կամ այնպէս անես, որ գնաս Հայաստան, քեզ գնդակահարութիւն է սպասւում: Գնացի երրորդ երկիր եւ եկայ Հայաստան”:
Խօսելով ատրպէյճանական կողմի տեղեկութիւններ քաղելուն մասին՝ Ինճիղուլեան նշած է,- “Իհարկէ, բայց դա եթերում ասելու բան չի, հիմնականում ծառայութիւնից էին ուզում տեղեկութիւն իմանալ, մարտական դիրքերից եւ քաղաքականութիւնից…”:
Ան նաեւ պատմած է, որ ինքը գտնուած է հինգ յարկանի զինուորական բանտի մը մէջ եւ գերութեան ընթացքին հանդիպած է հայերու, սակայն նպատակայարմար չէ գտած այդ պահուն ըսելու, թէ ովքեր եղած են անոնք:
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք իրեն չեն համարեր ազգի դաւաճան:
Ինճիղուլեան նշած է նաեւ, որ օդակայանէն անմիջապէս յետոյ եկեղեցի պիտի երթայ. “Ես ցանկանում եմ գնալ եկեղեցի, քանի որ իմ պահապան խաչը փրկել է ինձ գերութիւնից, բայց հիմա իմ վզին չի, քանի որ պառաւը քաշեց պոկեց”: