Նեւատայի Քլարք Վարչական Շրջանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշարձան Պիտի Կանգնեցուի

ԱՄՆ Նեւատա նահանգի Քլարք վարչական շրջանի «Մայրամուտ» զբօսայգիին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան պիտի կառուցուի:

Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը` վկայակոչելով Նեւատայի հանրային ռատիոյի կայքը, յուշարձանի կառուցման բոլոր ծախսերը` մօտ 120 հազար ԱՄՆ տոլար, պիտի հոգայ Հայ­-ամերիկեան ընկերակցութիւնը (Armenian American Society):

«Մենք հայ համայնքը ներկայացնող մօտ յիսուն բնակիչ ունինք, որոնք նման խնդրանքով մասնակցած են մեր վարչական շրջանի յանձնաժողովի հանդիպումներուն»,­ ըսած է յանձնաժողովի անդամ Մերի Պէթ Սքոուն:

Յուշարձանը այն պատմական իրադարձութիւններու կարեւոր յիշեցումը կ’ըլլայ, որոնք ոեւէ մէկը չի ցանկանար, որ կրկնուին: «2015 թուականին կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100­-րդ տարելիցը, երբ 1.5 մլն հայեր սպաննուեցան Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ»,­ ըսած է հայ­ամերիկեան ընկերակցութեան խորհուրդի անդամ Էնտի Արմէնեանը:

 

Scroll Up