Ալմելոյի Կիրակնօրեայ Դպրոցի Սաները. «Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքով Միլիոնաւոր Մանուկներ Լոյս Աշխարհ Չեկան»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/Ալմելո-գլխավոր.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան» խորագիրով ծրագիրին միացած են Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի ՀԱԵ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցի սաները:
Հոլանտահայ փոքրիկները լուսանկարուած են Եւրոպայի մէջ իր տեսակին մէջ եզակի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշահամալիրին մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ծրագիրի նպատակն է 1,5 միլիոն երեխաներու կողմէ բարձրացուող բողոքը խարան դարձնել թուրքի ճակատին:
Տեղեկանք. Ալմելոյի Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը բացուած է 2014 թուականի Ապրիլ 24-ին:
Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատկանող հողին վրայ կառուցուած յուշահամալիրը ստեղծուած է հայկական եկեղեցիներու ճարտարապետութեան յատուկ ոճով` 16 սիւներու վրայ: Համալիրի հիմքը հանդիսացող տասնվեց տուֆէ խաչքարերը պատրաստուած են Հայաստանի մէջ: Վարպետը Սերգէյ Դանիէլեանն է:
Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յուշահամալիրի հեղինակ-նախաձեռնողը բարերար Քրիստիան Գելիճին է:
Յուշահամալիրը նուիրուած է ո´չ միայն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, այլ նաեւ աշխարհին եւս մէկ անգամ սթափութեան կոչ կ’ուղղէ, որ նմանատիպ դէպքեր աշխարհի մէջ երբեք չկրկնուին:
Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ կը բնակի վեց հազար հայ: