Սան Փաուլոյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած խորհրդաժողով եւ պատարագ տեղի ունեցած է

Մայիս 6-7 Պրազիլիոյ Սան Փաուլօ քաղաքի «Մաքենզի» երիցական համալսարանին մէջ կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած խորհրդաժողով, որուն ժամանակ քննարկուեցան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն առնչուող հարցեր: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Խորհրդաժողովին ելոյթով հանդէս եկաւ Պրազիլիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Գալոյեան, որ կարեւոր համարեց խորհրդաժողովի աշխատանքները` ընդգծելով, որ ներկայացուած զեկոյցները եւ ատոնց հետեւած հարցադրումներն ու ելոյթները կարեւոր աջակցութիւն կ’արտայայտէին Հայաստանին եւ կը դատապարտէին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը:

Մայիս 8-ին Սան Փաուլոյի Մայր Տաճարին մէջ Քարտինալ Տոմ Օտիլիօ Փետրօ Շերերի կողմէ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սուրբ պատարագ: Արարողութեան ներկայ էին հայկական եկեղեցիներու առաջնորդներ, հայ եւ հրէական համայնքներու ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան
պաշտօնեաներ, նահանգային պատգամաւորներ, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ:

Պատարագի աւարտին ելոյթ ունեցաւ դեսպան Գալոյեան, որ իր երախտիքը արտայայտեց Սան Փաուլօ նահանգի եւ քաղաքի ղեկավարներուն եւ հասարակայնութեան լայն շրջանակներուն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` նահանգային Օրէնսդիր ժողովի որոշմամբ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար:

Պատարագը ուղղիղ միացմամբ հեռարձակուեցաւ  քանի մը հեռուստաընկերութիւններու կողմէ:

Scroll Up