Օտարները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին. (1) Հասան Մ. Եուսուֆ

Հասան Մ. Եուսուֆ, գրող, լրագրող, սենարիստ, ծնած է Սուրիոյ Լաթաքիա շրջանի, Տալիա գիւղին մէջ, 1948թ. Փետրուար 1-ին:  Եօթանասունականներու սկիզբը կը զբաղի լրագրութեան մշակոյթի բաժնին,  1978-ին եղած է «Թըշրին ԷլՏիմէշգիէ» թերթի գլխաւոր խմբագիր: 1981-ին եղած է Սուրիոյ լրագրողներու միութեան խորհուրդի անդամ:

Հասան Մ. Եուսուֆի գրական գործերն են-

«Էլ Արիֆ Ղատպան» պատմուածքներու հաւաքածու 1978, «Օրիորդ Սապհա» 1993, նաեւ ունի թատերգութիւններ, կը յիշենք «Էլ Քալըպ էլ Ազրաք» մանկական թատերգութիւն, Հասան Եուսուֆը հեղինակ է տարբեր դրուագաշարերու եւ  շարժանկարներու , որոնցմէ կը յիշենք «Ըխուէթ ալ թուրապ« դրուագաշարը, որուն մէջ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան։

Հասանի գործերէն մաս մը  թարգմանուած են Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Ռուսերէն եւ Չինարէն լեզուներով:

Հասանի «Ըխուէթ ալ թուրապ»  տրաման կը պատմէ, չորս դար Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող Սուրիոյ մէջ արաբական ապստամբութեան մասին,  ինչպէս նաեւ   Հայոց ցեղասպանութեան ` հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն զոհերուն մասին, որոնց միակ յանցանքը եղած է իրենց կրօնական պատկանելիութիւնը,  դրուագաշարին մէջ կը ներկայացուի թրքական բարբարոսութիւնը ու  ոճրագործութիւնը:

Տուպայի մէջ հրատարակուող «Arabianbusiness»  կայքէջին համաձայն, Հասան 2014-ին ընդգրկուած է աշխարհի  ամէնէն ազդեցիկ 100 արաբ մտաւորականներու ցանկին մէջ:

Հեղինակ եւ հետազոտող Հասան Մ. Եուսուֆը 2014թ. Ապրիլ 24-ին, հիւրընկալուած է “Ալ Մայատին” հեռուստատեսութեան “Մըն Էլ Արտ” (Հողէն) խորագիրը կրող հաղորդաշարին,  «Հայերը հողի եղբայր են» թեմայով հարցազրոյցին ան ըսած  է, «Հայերը օրինակ պէտք է ըլլան մեր պաղեստինցի եղբայրներուն, անոնց պահանջատիրութեան իրաւունքը երբեք չսպառիր, հայերը լաւագոյն ձեւով  կը պահանջեն իրենց իրաւունքը:

Scroll Up