Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Սուրիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտեի Ներկայացուցիչները

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Սուրիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական մարմինի հերթապահ Կարօ Եուզպաշեանը, կոմիտէի անդամ, Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդաանի Դիւանապետ Գրիգոր Տունկեանը եւ կեդրոնական կոմիտէի անդամ, բժիշկ Ներսէս Սարգիսեանը:

Քննարկուեցաւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, երեք տարուան ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումները եւ այդ ծիրին մէջ` Սուրիոյ հայ համայնքի կորուստները, համայնքի խնդիրներն ու ատոնց լուծման ուղղուած ծրագիրները, ձեռնարկները:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց այն նուիրեալ հոգեւոր ու աշխարհիկ առաջնորդները, մասնաւորապէս հանդիպման ներկայ հիւրերու ջանքերը, անոնց կատարած հերոսական աշխատանքը, որուն շնորհիւ ծանր, ողբերգական իրավիճակի մէջ յայտնուած հայ համայնքը կը մնայ ինքնակազմակերպուած,
համախմբուած եւ կը շարունակէ պատերազմական լարուած իրավիճակի մէջ գոյատեւել, պահպանել համայնքային ենթակառուցուածքները: Նախարարը կարեւոր համարեց կրթօճախներու կենսագործունէութեան ուղղուած կրթական գործի կազմակերպիչներու, ուսուցիչներու մեծ ու անձնուրաց գործունէութիւնը:

Սփիւռքի նախարարը  ներկայացուց պետութեան կողմէ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու հասարակական, առողջապահական, կրթական եւ այլ խնդիրներ լուծելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ նախարարութիւնը մեծ հոգատարութեամբ եւ հետեւողականօրէն կը փորձէ օգնել իւրաքանչիւր սուրիահայու, որ կը դիմէ նախարարութեան:

Scroll Up