ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Նուիրած Ձեռագիրներն ու Հնատիպ Գիրքերը Յանձնուեցան Մատենադարանին
Յունուար 23-ին Երեւանի Մ.Մաշտոցի անուան Մատենադարանի փոքր սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հալեպահայ Սօսէ Պարոնեանի` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նուիրած ձեռագիրներու եւ հնատիպ գիրքերու` Հայաստանի գլխաւոր ձեռագրապահոցին փոխանցելու հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը եւ Մ.Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանը:
Ողջունելով ներկաները` Սփիւռքի նախարարը մասնաւորապէս նշեց. “խորհրդանշական է, որ այսօր պատուաբեր առաքելությմբ գտնւում ենք մատենադարանում` հայկական ձեռագրերի հարուստ մշակոյթի այս ինքնատիպ պահոցում:
“Ազգի նուիրեալ զաւակ հալեպահայ Սօսէ Պարոնեանի մեծ հայրն ու մայրը` Մովսէս եւ Զարթիկ Ասլանեան-պարոնեանները, ովքեր Հայոց ցեղասպանութեան արիւնալի օրերին, մահն աչքերի առաջ ունենալով, թուրքի ահասարսուռ ճիրաններից առաջին հերթին փրկել եւ Խարբերդից Հալէպ են տեղափոխել մեծ արժէք ներկայացնող այս գրքերը` աղօթագրքեր, բառարաններ, աւետարաններ եւ 18-րդ դարի մէկ ձեռագիր, որոնց ճակատագիրը ոչնչով չի տարբերւում եղեռնազարկ հայ մարդու ճակատագրից:
“Սօսէի ծնողները` Անդրանիկ եւ Մարգրիտ Ղանդիլեան-պարոնեանները, ամենայն հոգածութեամբ պահել ու պահպանել են դրանք` իրենց նուիրական առաքելութեան իրաւայաջորդը դարձնելով Սօսէին: Սօսէ Պարոնեանը Սիրիայի համար այս տագնապալի օրերին որոշում է կայացրել` Պարոնեանների ընտանեկան ժառանգութիւնից 1 ձեռագիր եւ 14 հնատիպ գիրք «սիրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմնիէ եւ Հալէպում Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան աջակցութեամբ նուիրել է Հայրենի պետութեանը` ի դէմս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան: Այդ անգնահատելի նուէրը պատասխանատուութեան մեծ զգացումով յանձնում ենք մաշտոցեան Մատենադարանին` ի պահ”:
Մ.Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան շնորհակալութիւն յայտնեց անգնահատելի նուիրատուութեան համար: Ան նշեց, որ վերապրած կարելի է համարել Մատենադարանի ողջ հաւաքածուն, որ նուիրատւութիւններու շնորհիւ վերջին տարուան ընթացքին համալրուած է 500-է աւելի ձեռագիրներով եւ աւելցուց. “Պէտք է կրկնապատկենք մեր ջանքերը` ձեռագրերը տուն դարձնելու համար: Մեր խորին երախտագիտութիւնը նուիրատուին` Սօսէ Պարոնեանին, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` մեր զարգացման ծրագրերին մշտապէս սատարելու համար”:
Ցուցադրուեցաւ գիրքերու նուիրատու Սօսէ Պարոնեանի եւ Բերիոյ թեմի մամլոյ խօսնակ, Սուրիոյ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներու ընդհանուր խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանի տեսաուղերձները:
Հրաչեայ Թամրազեան Սօսէ Պարոնեանը պարգեւատրեց Մատենադարանի “Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց” յուշամետալով: