Ս․Ծննդեան Տօնը Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մէջ
Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներն ու բարեկամները համախմբուեցան՝ 24 Դեկտեմբերի Ճրագալոյցի Ս․ Պատարագին ու անկէ ետք ՀԿՄ Տիկնանց վարչութեան կազմակերպած հիւրասիրութեան, ինչպէս նաեւ 25 Դեկտեմբերի Ս․Ծննդեան հանդիսաւոր Ս․ Պատարագին ու անոր յաջորդած ՀԿՄ Պատանեկանի կազմակերպած տօնական հանդէսին, բազմաթիւ ներկաներ, մեծեր ու փոքրիկներ, ապրեցան ուրախութիւնը Փրկիչի ծնունդին ու ջերմօրէն աղօթեցին աշխարհի եւ մանաւանդ Սուրիոյ խաղաղութեան համար։ Այս մասին կը հաղորդէ Perio News-ը:
Վերոնշեալ արարողութիւններուն հանդիսապետեցին Արհի․ Յովսէփ եպս․ Առնաութեանը, առաջնորդը դամասկոսի հայ Կաթողիկէ համայնքին ու ժողովրդապետ Հ․ Գէորգ վրդ․ Պահէեանը, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ․ Արմաշ եպս․ Նալպանտեանը եւ քահանայ հայրեր, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերը, Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտ․ Արշակ Փոլատեանն ու մեծայարգ պրն․ խորհրդականը։