Հալէպի Հիւսիսային Եւ Արեւմտեան Արուարձաններուն Մարդասիրական Օժանդակութիւններու Ուղարկումը Կը Շարունակուի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/08/0820_martasir.jpg)
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հալէպի նահանգապետը Կարմիր մահիկի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութիւններու ենթայանձնախումբերուն գործակցութեամբ ընթացք տուաւ մարդասիրական օժանդակութիւններ պարունակող 7 բեռնատարներու մուտքին դէպի Հալէպի հիւսիսային եւ արեւմտեան արուարձաններ:
Բեռնատարներուն մէջ կը գտնուի 5600 սննդակողով, ամէն մէկ սննդակողովը` մօտաւորապէս 40 քկ:
«Ազդակ»