Հայաստանի Համահայկական 6-րդ ամառնային մարզախաղերու Հալէպի պատուիրակութեան մասին

Երէկ Կիրակի 2 Օգոստոս 2015ին Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին մէջ հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Համահայկական 6րդ ամառնային խաղերուն։ Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, պաշտօնատար անձեր, Հայաստանէն մարզասէրներ եւ Սփիւռքէն ժամանած հիւրեր։
Հայաստանի Համահայկական 6-րդ ամառնային մարզախաղերը կ’ընդգրկեն 17 մարզաձեւեր Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի գաղութներէն 6.350 մարզիկներու մասնակցութեամբ։ Հալէպի պատուիրակութիւնը կը կազմէ 51 անձեր՝ ներառեալ տարբեր մարզական ժանրերու մասնակիցներ։
Հալէպի ֆուտպոլիստներէն՝ Նժդեհ Արամեան կը պատմէ իրենց Հալէպէն Լիբանան ճամբորդութեան մասին։ Նժդեհ կը վկայէ, որ սարսափելի ճամբորդութիւն մըն էր. «Հալէպէն Լիբանան 21 ժամերու տեւողութեամբ մենք բազմիցս զինուորական խուզարկութիւններու ենթարկուեցանք, ակնյայտ էր մեր հանրակառքը, մանաւանդ անոր համար, որ կ՛ընդգրկէր 51 երիտասարդ քրիստոնեաներ։ Հակառակ անոր որ բազմիցս ստուգուած էին մեր զինուորական փաստաթուղթերը, բայց և այնպէս ամէն արգելակի մեր սրտերուն մէջ վախ կ՛առաջանար։ Փառք Աստուծոյ, որ կաշառակերութիւնը կայ, զինուորական իւրաքանչիւր արգելակ քանի մը հազար սուրիականի կը նայէր»։
Երբ հարցս Հալէպի վնճակին մասին էր, ան պատասխանեց. «Ամէն ինչ ձեր գիտցածին պէս է։ Մենք՝ ակումբի տղաքը կը շարունակենք 24 ժամ հսկել մեր կառոյցները , կը շարունակենք, մինչև այսօր, ջուր կրել հալէպահայերու տուները, ռմբակոծումները կը շարունակուին, քաղաքը կրկնակի աւերուած է, մանաւանդ Սիւլէմանիէ թաղամասի ահաւոր ռմբակոծումներէն ետք»։
Իսկ պատուիրակութեան մասին ան յայտնեց. «Հալէպի պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 51 հոգիներէ, զանազան մարզաձևերու մասնակիցներ ունինք ՀՄԸՄ և ՀԵԸ ակումբներէն։ Մեր մէջ է նաև միակ ping-pong-ի մասնակիցը, որ Սուրիոյ մակարդակով առաջին դիրքը կը գրաւէ։ Մեծ յոյսերով եկած ենք, մեր նպատակն է բաժակակիրներ ըլլալ և ձեռնունայն չվերադառնալ Հալէպ»։
Բարի երթ կը մաղթենք Հալէպահայ մասնակիցներուն, ինչպէս նաև յաջողութիւն և նպատակներու իրականացում։ Յիշենք, որ փառաւոր բացման արարողութեան ընթացքին երկլեզու երդում հնչեց արևելահայերէն և արևմտահայերէն։ Արևմտահայերէն երդումը արտասանուեցաւ հալէպահայ լողորդ Շողիկ Աւետիսեանի կողմէն։
Աղբյուրը՝ yn.am