Կայացաւ «Ձեռք Ձեռքի` Դարբնիկի Համար» Ձեռնարկը

Միանալով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կոչին`«Պարգեւէ ուրախ ամանոր», Հայաստանի ամենամեծ երիտասարդական կազմակերպութիւնը` Երիտասարդական ակումբներու դաշնութիւնը (ԵԱԴ, www.fyca.net), նախաձեռնած էր «Ձեռք ձեռքի` Դարբնիկի համար» բարեգործական ձեռնարկը, որուն ծիրէն ներս Դեկտեմբեր 22-ին օգնութիւն ցուցաբերուեցաւ Արարատ մարզի Դարբնիկ գիւղին մէջ բնակող  փախստական եւ հայրենադարձ (իրաքահայ, սուրիահայ) կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Ձեռնարկի ծիրէն ներս ընտանիքներուն բաժանուեցան ձմեռնային հագուստ, գրենական պիտոյքներ, քաղցրաւենիք, խաղալիքներ եւ այլ պարագաներ:

Դարբնիկ գիւղի աշակերտներու մասնակցութեամբ փոքրիկ ձեռնարկ  կազմակերպուած էր, որ սկսաւ Մարմարաշէնի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Տէր Թաթուլ քահանայ Գասպարեանի օրհնութեան խօսքով:

Դարբնիկի գիւղապետ Դաւիթ Գզիրեան շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդական ակումբներու դաշնութեան, որ Ամանորի նախաշեմին օգնութեան ձեռք մեկնած է կարիքաւոր ընտանիքներուն` նպատակ ունենալով փոքր ինչ թեթեւցնելու բնակիչներու հոգերը:

ԵԱԴ նախագահ Ատոմ Մխիթարեան նշեց, որ իրենք դիմած են տարբեր կազմակերպութիւններու եւ շատ արձագանքներ ստացած:

«Սպասուածից մօտ տասն անգամ աւելի շատ նուէրներ հաւաքուեց: Հայաստանից եւ սփիւռքից տարբեր կազմակերպութիւններ միացան մեր նախաձեռնութեանը եւ ցանկացան փոքրիկ նուէրներով մի քիչ ջերմութիւն բերել Ձեր ընտանիքներին»,- ըսաւ Ատոմ Մխիթարեան ու աւելցուց, որ գիւղին հետ կապը մշտական պիտի ըլլայ  եւ անընդհատ այցելութիւններով պիտի փորձեն աջակցիլ բնակիչներուն:

Ձեռնարկը նպատակ ունէր Ամանորին ընդառաջ փոքր-ինչ թեթեւցնելու եւ ուրախութիւն պարգեւելու Դարբնիկ բնակող փախստական եւ հայրենադարձ կարիքաւոր ընտանիքներու հոգերը:

ԵԱԴ-ի նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը  բերած են Համաշխարհային հայկական երիտասարդական ոստայնը, Արարատեան Հայրապետական թեմը, Չարենցաւանի երիտասարդական ակումբը, “Բարեկամութիւն” ՀԿ-ն, Հայկական Փի Ար միութիւնը, Երեւանի կանանց միջազգային միաւորումը, շարք մը անհատներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:

1 2 3 4 5 6 7 8

Scroll Up