ՀՀ ԱԳՆ-ը Խորհուրդ Կու Տայ Զերծ Մնալու Եգիպտոս Այցելութենէն

Հաշուի առնելով Եգիպտոսի մէջ ծաւալող իրադարձութիւնները` արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորհուրդ կու տայ ՀՀքաղաքացիներուն առանց յոյժ անհրաժեշտութեան զերծ մնալու Եգիպտոս այցելութիւններէն:
Եգիպտոսի մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներուն խորհուրդ կու տանք զերծ մնալու զանգուածային կուտակումներու վայրերէնեւ որեւէ խնդիրի յառաջացման պարագային անմիջապէս կապ հաստատել Գահիրէի մէջ ՀՀ դեսպանատան հետ, ուրսահմանուած է հերթապահութիւն` հետեւեալ հեռախօսահամարով` +202 27374157: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կըյայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Scroll Up